ՈՐՊԷՍԶԻ ՕԳՏԱԿԱՐԸ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՉԴԱՌՆԱՅ

ՅՈՎԻԿ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ

Դպրոցներու վերամուտին եւ աշնան գալուստին հետ գաղութային մեր կեանքը շատ աչքառու վերաշխուժացում մը կ՛ապրի, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ գաղութի հայկական շունչով ապրող իւրաքանչիւր մարդու համար:

Աշնան գալուստին հետ, դպրոցներու կողքին, գործել կը սկսին նաեւ` գեղանկարչական, երաժշտական, թատրոնի դպրոցներ, կը կազմակերպուին` երգահանդէսներ, նուագահանդէսներ, ճաշկերոյթ-պարահանդէսներ, ցուցահանդէսներ. ծայր կ՛առնեն օգտաշատ դասախօսական ձեռնարկներ, յոբելենական նշումներ: Մէկ խօսքով, կեանքը, բառին իսկական իմաստով, կ՛եռայ մեր գաղութին մէջ: Թէեւ ամէն ինչ չէ, որ վարդագոյն է մեր գաղութին մէջ, սակայն տակաւին ուրախացնող եւ կուրծքերը հպարտութեամբ լեցնող շատ բան կայ:

Վերը յիշուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն եւ գործունէութիւններուն կողքին, սփիւռքի հայկական գաղութներուն մէջ վերջերս, կապուած մեր կրթական կեանքին, պատասխանատու անձեր, մարմիններ կամ առանձնաբար վարժանիստեր սկսած են հրաւիրել մանկավարժութեան դասախօսներ, մեթոտաբաններ, բնականաբար բոլորն ալ, աւելի պակասին ալ երբեք չենք հանդիպած, դոկտոր-փրոֆեսէօրներ, գիտութեան թեկնածուներ, այլ շքանշանակիրներ կամ տիտղոսակիրներ: Հիմա այս նորոյթը եւս շուտով հասաւ Լիբանան:

Լիբանանահայ գաղութի վարժարաններու ուսուցիչներու վերաորակաւորման համար վարժանիստեր, դասընթացքներ եւ դասախօսութիւններ կազմակերպելը վստահաբար օգտակար բան է. բայց պէտք է յիշեցնել, որ ամէն ինչին շատը կը դառնայ վնասակար: Ճիշդ է, որ մարգարէները իրենց քաղաքներուն մէջ արժէք չունին, բայց հեռուէն եկած թմբուկի ձայներն ալ անպայման քաղցրանուշ երաժշտութիւններ չեն: Լիբանան ժամանած իւրաքանչիւր հիւր` եւրոպական երկրէ մը, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն կամ Հայաստանէն, որ կը պատրաստէ իր աւարտաճառը, կամ ալ ունի պատրաստ բան մը, պայման չէ, որ անպայման նոր ըսելիք մը ունենայ մեր ուսուցիչներուն:

Ուղղակիօրէն զարմանալի է, որ լիբանանահայ գաղութի կրթական պատասխանատուներ պէտք եղած նախանձախնդրութիւնն ու բծախնդրութիւնը չեն ցուցաբերեր, երբ կը ծրագրեն հրաւիրել ոեւէ մասնագէտ: Ինչպէ՞ս կարելի է լիբանանահայ գաղութի ուսուցիչներու վերաորակաւորման համար հրաւիրել մասնագէտ մը, որ իր երկրին մէջ բուռն կերպով քննադատուած է իր ձախաւերութիւններուն համար, որուն դէմ սուր քննադատական յօդուածներ կան մամուլին մէջ: Եթէ նոյնիսկ ենթական կրթութեան ազգային հիմնարկի մը (դուք հասկցէք` ինստիտուտ) մէկ բաժանմունքի վարիչն է, բան չի նշանակեր, որովհետեւ լաւ գիտենք, որ յաճախ մարդիկ ինչպէ՛ս կը հասնին այդպիսի պատասխանատու դիրքերու:

Վերջապէս, պէտք է նաեւ նկատի ունենալ, որ լիբանանահայ գաղութի ուսուցիչներ փողոցներէն պատահաբար հաւաքուած մարդիկ չեն, անոնք ալ աւարտած են համալսարաններ կամ այլ հիմնարկներ, որոնց մէջ, բնականաբար, կան լաւերն ու ոչ լաւերը: Եւ միշտ լաւերն են, որ մեծամասնութիւն են: Հրաւիրեալ գիտնականները, նոյնիսկ եթէ 40 տարուան փորձառութիւն ունին, 5-10 վայրկեան դասաւանդումները բաւարար չեն կարծէք կազմելու մեր ուսուցիչներուն եւ համակարգին մասին: Առանց ծանօթ ըլլալու այդ համակարգին, կարելի չէ յոխորտալ, որ` եկած եմ կրթական ձեր համակարգին համար ծրագիր մշակելու:

Վերջապէս, լիբանանահայ գաղութի ուսուցիչներուն պարտէզին ցանկապատը այնքան ալ ցած չէ, որ իւրաքանչիւր պատահական անցորդ ներսը քար նետէ:

Այս նկատառումները պէտք է հաշուի առնուին հետագայ հրաւէրներու եւ կազմակերպումներու համար:

 


Share this Article
CATEGORIES