ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՎԱՐԴԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԱՅՍ ԱՆՆՄԱՆԸ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Առաջին անգամ ըլլալով չէ, որ մեզ կ՛այցելէ: Դարձեալ հրաւիրեալն է Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ուրախութեամբ ընդառաջեցինք ծանուցուած հրաւէրին: Արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար այս այցին իր յայտագիրը: Ապաւինած էինք իր տաղանդին, որովհետեւ դերասան, մենախօս, երաժիշտ, գեղանկարիչ այս տղան միայն կրնայ զարմացնել իր գունագեղ «վրձինով», հեշտալուր երգ ու երաժշտութեամբ, ողբը կատակի վերածող իր փիլիսոփայութեամբ:
«Ճակատագրի կատակներ» են մենախօսութեան թեման: Ներկայ ենք «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, 5 նոյեմբերի երեկոյեան: Սրահը լեցուն է ծայրէ ծայր: Հանդիսականները գիտեն, կը ճանչնան զինք: Կը յայտնուի բեմին վրայ` երգ ու ծիծաղով: Ազնաւուրը ընտրած է այս անգամ, որ կ՛ընկերանայ իր երգով: Ֆրանսերէն սորված է Վարդան Պետրոսեան: 1988-1990-ական թուականներու սկիզբի Հայաստանի տագնապալի, ճգնաժամային տարիներն են: Կը լսէինք հայրենական տառապանքին մասին: Լսելը ուրիշ, ապրիլ-զգալը շա՜տ ուրիշ…
Վարդան Պետրոսեան ինքզինք կը գտնէ Փարիզի մէջ` առանց մէկ բառ ֆրանսերէն գիտնալու: Ճակատագիրը զինք բերած է Փարիզ, ուր 5-6 ամսուան ընթացքին սորված է լեզուն եւ յաջողած` մուտք գործել Փարիզի հռչակաւոր թատերախումբերէ կամ թատերական շրջանակներէ ներս: Սա համազօր է հրաշքի, որ կ՛այցելէ տաղանդներու` արտայայտելու համար իրենց ներաշխարհի զօրութիւնը: Վարդան Պետրոսեան կ՛երգէ` «ոնց որ Շարլ Ազնաւուր»: Նոյնիսկ կ՛անդրադառնայ ֆրանսական լեզուին բարդ բառերու, օրինակներով: Կիթառը գրկած` կ՛երգէ, կ՛ոստոստէ` թռչկոտելով բեմին մէկ ծայրէն միւսը: Հա՞պա ձայնային երանգաւորումները… տեսակաւոր ձայներ` կնոջական, հեռախօսային թուանշաններու, պաղատանքի, գուրգուրանքի, ցաւի, վիշտի ու ծիծաղի ձայնարկութիւններ` հագագի նրբերանգներով արտայայտուած:
Արագաշարժութեան ախոյեան մը կարելի է նկատել զինք, ֆիզիքական ճկունութեամբ օժտուած: Արագաշարժութեան կը միանայ նաեւ արագախօսութիւնը` շուտասելուկի ճշգրտութեամբ: Հանդիսականները տեսան, զգացին, դիտեցին ու ծիծաղեցան: Այո՛, ծիծաղ ու խնդուք, որոնք կարծես ըլլային ժպտախառն լաց, նկատի առած այն որբացեալ դժբախտութիւնը, որուն ենթարկուած է այս աննման արուեստագէտը: Եթէ պահ մը մեր մորթին վրայ կրենք այն պատահարները, որոնց զոհը եղած են ինք եւ իր նման անձեր, աղէտի մը դիմաց կը զգաս ինքզինքդ: Պատկերացնել Փարիզի Մեթրոն եւ հոն ըլլալ կիթառահար, քանի մը ֆրանքի կամ եւրոյի համար: Կամ` նման վայրի մէջ ըլլալ ծաղկավաճառ, «Հացի եւ լոյսի համար»: Յիշեցի Մուշեղ Իշխանը, ողորմի մը տանք…
Ողբերգութիւններ են Վարդանին «կատակները»` իմաստութեամբ թրծուած, փիլիսոփայութեամբ թաթաւուն, ուսանելի եւ դաստիարակիչ: Քիփլինկի «Եթէ»-ին նմանողութեամբ, յուսահատութենէ հեռու մնալու դասն է, անկումէն ետք վերստին սկսիլ նոր թափով ինքզինքդ կերտելու: Վարդան Պետրոսեանի կենսագրութիւնը այս դասը փոխանցեց ներկայ հանդիսականներուն: Յոյսով առաջնորդուիլ, ըլլալ աշխատասէր, վստահիլ սեփական ուժիդ:
Մօտ երկու ժամ Վարդան Պետրոսեան մեզ փոխադրեց տարաշխարհիկ մթնոլորտ մը, ուր տեսանք կեանքին զարտուղի կատակները, ճակատագրին քմայքները եւ տաղանդին հզօրութիւնը:

