«ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԵՄ, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵՆՔ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻՆՔ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ» «ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ Կ՛ԸՍԷ Մ. ԿՈԿԻԿԵԱՆ
Վերջին երեք տարիներուն «Կոկիկեան» ֆոնտը լիբանանահայութեան կեանքին մէջ դարձած է իրողութիւն եւ օրըստօրէ կը փաստէ գաղութին մէջ իր ունենալիք կշիռը` լիբանանահայ ուսանողներուն մատուցած իր օժանդակութիւններով եւ այդ առաքելութեան ամբողջացման հոլովոյթին մէջ իր ցուցաբերած մասնագիտական եւ բծախնդիր մօտեցումին:
Այս առիթով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Կոկիկեան» կրթական ֆոնտի հիմնադիր եւ նախագահ Միշել Կոկիկեանի հետ, որ ներկայացուց այս ֆոնտին աշխատելաձեւը, հայ ուսանողներուն օժանդակելու անոր իւրայատուկ գործելաոճը, ինչպէս նաեւ` ֆոնտին հետապնդած նպատակները:
Մ. Կոկիկեան յայտնեց, որ «Կոկիկեան» ֆոնտը հիմնուած է Լիբանանի մէջ, 2008-ի վերջերը: Ֆոնտին գրասենեակը կը գտնուի «Արք ան Սիէլ»-ի կեդրոնին մէջ:
Ան նշեց, որ ինք այս ֆոնտը հաստատած է իր հօր` Ժան Կոկիկեանի յիշատակին, աւելցնելով, որ Ժան Կոկիկեան եղած է լիբանանահայ առաջին դեսպանը Հարաւային Ամերիկայի` Քոլոմպիոյ, Փերուի, Պոլիվիոյ եւ Էքուատորի մէջ: «Ան Լիբանանի դեսպանի պաշտօնը ստանձնած է նաեւ Չեխիոյ եւ Լեհաստանի մէջ, իսկ աւելի ուշ դարձած է ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութեան պատուիրակութեան նախագահ` իրերայաջորդ երկու տարիներու ընթացքին: Իբրեւ արդիւնք, հայրս 40 տարի շարունակ ծառայած է հանրութեան` Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներու անձնակազմին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան», ըսաւ ան:
Լուսարձակի տակ առնելով իր հօր խորհուրդները` Միշել Կոկիկեան շեշտեց, որ իր հայրը հաւատացած է, որ լիբանանահայութեան յաւելեալ ծառայութիւններ մատուցելու համար լիբանանահայութիւնը պէտք է համարկուի լիբանանեան ընկերութեան հետ:
Ան ըսաւ, որ «Կոկիկեան» ֆոնտը համաձայնագիրներ ստորագրած է Լիբանանի մէջ գործող կարգ մը համալսարաններու հետ, որոնք են` Հայկազեանը, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանը, Պալամանտը եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանը:
Մ. Կոկիկեան հաստատեց, որ «Կոկիկեան» ֆոնտը կը հաւատայ բազմազանութեան կարեւորութեան եւ այդ համոզումին պատճառով ալ վերոնշեալ հինգ համալսարաններուն հետ իր ստորագրած համաձայնագիրներուն պարագային ֆոնտին ներկայացուցիչները շեշտած են, թէ համալսարանին մէջ կարեւոր է պահպանել համայնքներու եւ ընկերային-տնտեսական բազմազանութիւնը:
«Կոկիկեան» ֆոնտին տարբեր պայմաններուն ներկայացման շրջագիծին մէջ Մ. Կոկիկեան ընդգծեց, որ իր հաստատած կրթական այս ֆոնտը ունի իւրայատուկ պայմաններ` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ան կ՛ընտրէ այն աշակերտները, որոնք շատ փայլուն են եւ տրամադիր են ծառայելու իրենց գաղութին եւ հանրութեան:
««Կոկիկեան» ֆոնտին հիմնական նպատակն է Լիբանանի պետական մարզերուն մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութիւնը բարելաւել: Մենք համոզուած ենք, որ Լիբանանի մէջ թէ այլուր, եթէ կը փափաքինք, որ մեր համայնքը լաւ ծառայութիւններ ստանայ` ենթակառոյցի, առողջապահութեան, կրթութեան եւ ընկերային այլ ծառայութիւններուն իմաստով, կարեւոր է, որ այդ համայնքը պետական մարզի գրեթէ բոլոր մակարդակներուն վրայ ունենայ ներկայացուցիչներ: Անկախ նախարարներէն ու երեսփոխաններէն, որքան շատ ըլլան հայ ներկայացուցիչներուն թիւը` պետական մարզին մէջ, այնքան աւելի կրնայ օգտուիլ համայնքը պետութեան տրամադրած ծառայութիւններէն», շեշտեց Մ. Կոկիկեան:
Ան յայտնեց, որ այս նպատակը իրագործելու համար «Կոկիկեան» ֆոնտը կ՛ընտրէ հայ աշակերտներ, որոնք իրենց երկրորդական ուսման մէջ փայլուն արդիւնքներ արձանագրած են եւ այդ արդիւնքներով հանդերձ, կրնան բարձրագոյն ուսման չհասնիլ` նիւթական պատճառներով:
«Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ երիտասարդ այդ տղոց եւ աղջիկներուն մէջ իրենց համայնքին ծառայելու մարմաջը ըլլայ, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է, որ «Կոկիկեան» ֆոնտը կրնայ ծառայել իր նպատակներուն», ըսաւ Մ. Կոկիկեան:
Ան նշեց, որ «Կոկիկեան» ֆոնտը կը ստանձնէ վերոնշեալ չափանիշները ամբողջացնող երիտասարդներուն համալսարանական կրթութեան եւ ուսման ամբողջ ծախսերը, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովէ, որ համալսարանը աւարտելէ ետք անոնք մասնակցին քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին կազմակերպած քննութեան, որուն հիման վրայ կ՛ընտրուին երկրին պետական մարզին մէջ գործող ներկայացուցիչները:
«Հետեւաբար այս նպատակին լաւագոյնս ծառայելու համար «Կոկիկեան» ֆոնտը կրթական իր հարիւր առ հարիւրի հասնող օժանդակութիւնը կը տրամադրէ քաղաքական գիտութիւններու, տնտեսագիտութեան, ընկերային գիտութիւններու, հանրային առողջապահութեան, իրաւաբանութեան եւ միջազգային իրաւագիտութեան մարզերուն մէջ մասնագիտացող ուսանողներուն», նշեց Մ. Կոկիկեան` անհրաժեշտ նկատելով նաեւ այն իրականութիւնը, որ «Կոկիկեան» ֆոնտին շնորհիւ իր բարձրագոյն ուսումը ստացող ուսանողը նուիրումն ու պատրաստակամութիւնը ունենայ ծառայելու իր ազգին:
Միշել Կոկիկեան շեշտեց, որ պէտք է իմանալ, թէ լիբանանեան պետական մարզին մէջ գործելու պարագային, լիբանանահայութիւնը ներկայացնող պաշտօնեաները ոչ միայն իրենց համայնքին պիտի օժանդակեն, այլ` ամբողջ Լիբանանին: «Երեւակայեցէք, որ անոնք կրնան որեւէ պաշտօն ստանձնել ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան, հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան, քաղաքապետարաններուն եւ այլն: Ուրեմն ինքնաբերաբար անոնք պիտի օժանդակեն ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ` բոլոր համայնքներուն», ըսաւ ան:
Մ. Կոկիկեան անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանահայութեան զաւակները ըլլան մէկական ղեկավարներ եւ պատասխանատու պաշտօնատարներ` իրենց մէջ կրելով հայու սիրտը եւ վառ պահելով հայու ոգին ու կորովը:
«Կոկիկեան» ֆոնտի կրթաթոշակները ստացող աշակերտներուն ընտրութեան մասին խօսելով` Մ. Կոկիկեան ըսաւ, որ ֆոնտի գործադիր տնօրէնուհի Սուհայլա Հայէք այցելած է Լիբանանի տարածքին գործող հայկական բոլոր դպրոցները եւ աշակերտներուն ներկայացուցած է «Կոկիկեան» ֆոնտին առաքելութիւնն ու նպատակները, ինչպէս նաեւ հրատարակած է յատուկ պրակներ` դպրոցն ու ծնողները տեղեկացնելու համար իր գոյութեան ու առաքելութեան մասին:
Ան նկատել տուաւ, որ «Կոկիկեան» ֆոնտը քաղաքական թէ յարանուանական ոչ մէկ թեքում կամ կողմնորոշում ունի, բացի անկէ, որ ուսանողները պէտք է հայ ըլլան, նոյնիսկ եթէ ծնողներէն մէկը` մայրը կամ հայրը հայ ըլլայ, արդէն այդ աշակերտը կրնայ թեկնածու նկատուիլ ֆոնտէն օժանդակութիւններ ստանալու:
«Ֆոնտին պատասխանատուները ի սկզբանէ կը բացատրեն անոր առաքելութիւնն ու հետապնդած նպատակը` ընդգծելով լիբանանահայութեան նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ ան:
Միշել Կոկիկեան հաստատեց, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով է, որ իրենք ստացած են դիմումնագրեր, որոնք տեղադրուած են ֆոնտին պաշտօնական կայքէջին վրայ: «Կոկիկեան» ֆոնտին պաշտօնական կայքէջն է հետեւեալը. www.goguikianfoundation.org:
Անդրադառնալով «Կոկիկեան» ֆոնտին պարտադրած պայմաններուն` Մ. Կոկիկեան յայտնեց, որ այս ֆոնտէն կրթական նպաստ ստացող իւրաքանչիւր ուսանող պէտք է շաբաթական դրութեամբ, նուազագոյնը` տասը ժամ, յատկացնէ ծառայելու համար հայկական ընկերային ծառայութեան կեդրոնի մը: Հետեւաբար մինչեւ աւարտելու տարիքը` իւրաքանչիւր ուսանող շուրջ երկու հազար ժամի համազօր աշխատանքով արդէն իսկ սատարած կ՛ըլլայ իր գաղութին ազգային հաստատութիւններուն:
«Հոս հարկ է աւելցնել սակայն, որ «Կոկիկեան» ֆոնտը չի բաւարարուիր պարզապէս ուսանողներուն կրթանպաստ յատկացնելով, այլեւ անոնց կը տրամադրէ հրապարակային հռետորութեան եւ տագնապներու լուծման յատուկ դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ` արաբերէնի յատուկ դասընթացքներ, որպէսզի անոնք դժուարութիւններ չդիմագրաւեն, երբ մասնակցին քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին ճշդած քննութեան, այլ կարենան յաջողութիւններ արձանագրել:
«Մեզի համար նուիրումն է կարեւորը: Ուսանելու համար նիւթականի յատկացումը ամէնէն դիւրին բանն է, սակայն պէտք է գտնել աշակերտներու եւ ուսանողներու այնպիսի ընտրանի մը, որ նուիրեալներէ եւ իր համայնքին ծառայելու տրամադիր երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ կը բաղկանայ: Այս ծիրին մէջ ես կ՛ուզեմ հաստատել, որ ՀՅԴ-ն բացառիկ աշխատանք կը տանի այս իմաստով, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Լիբանանի օգնութեան խաչին (ԼՕԽ), որ անոր ուղեկից կազմակերպութիւններէն մէկն է եւ հիանալի կերպով կը գործէ` համայնքին շահերուն ծառայելու համար», շեշտեց Մ. Կոկիկեան:
Մ. Կոկիկեան ընդգծեց, որ այս հանգրուանին տակաւին կանուխ է խօսելու «Կոկիկեան» ֆոնտի նուաճումներուն կամ անոր նպատակները իրագործելու մասին, որովհետեւ իրենց տակաւին ֆոնտը ծանօթացնելու հանգրուանին մէջ կը գտնուին:
Անհրաժեշտ է նշել, որ այս տարուան ընթացքին «Կոկիկեան» ֆոնտին ներկայացուած 40 դիմումնագրերէն ընտրուած են 10 ուսանողներ, յառաջիկայ տարուան համար ներկայացուած 75 դիմումնագրերէն պիտի ընտրուին 12-15 ուսանողներ, որոնք իրենց կարգին երեք տարուան համար պիտի ուսանին եւ աւարտելէ ետք է, որ պիտի նետուին կեանքի ասպարէզ:
«Մեր նպատակն է լիբանանահայութեան մէջ պատրաստել մասնագիտացած եւ պետական մարզին մէջ պաշտօններ ու պատասխանատուութիւններ ստանձնելու ատակ հայ երիտասարդներ-երիտասարդուհիներ, որոնք պիտի ըլլան գաղութին մարդուժը», շեշտեց ան:
Իր խօսքը ուղղելով կրթանպաստի կարիք զգացող եւ միաժամանակ համայնքին բարգաւաճման առաքելութեան մաս կազմելու պատրաստակամ աշակերտներուն` Մ. Կոկիկեան յայտնեց, որ անվարան դիմեն «Կոկիկեան» ֆոնտին: Միւս կողմէ, ֆոնտին անդամ ուսանողներուն ըսաւ, որ անոնք պէտք է լաւ աշխատին եւ իմանան, թէ իրենք ներկայիս ընտրանի մըն են եւ իրենց գաղութը կը սպասէ, որ իրենց ուսումը աւարտելէ ետք իրենց ծառայեն գաղութին բարգաւաճման, այլ խօսքով` իրենք են գաղութի փայլուն ապագայի յոյսը:
Մ. Կոկիկեան եզրափակեց` ըսելով, որ իր անձնական գոհունակութիւնը պիտի ըլլայ համալսարանական ուսման աւարտին իւրաքանչիւր ուսանողի ծնողքին դէմքին վրայ յայտնուող հպարտութեան ժպիտը: «Ինծի համար գոհունակութիւն է նաեւ այն իրականութիւնը, որ լիբանանահայ աշակերտը պիտի կարենայ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ: Կեանքը շատ անարդար է, եւ երբեմն անոր ստեղծած պայմանները շատ դաժան են, սակայն ինծի համար մեծ գոհունակութիւն է տեսնել, որ մեր առաքելութեան ընդմէջէն տրուած զօրակցութեամբ կարելի է փոխել ընտանիքի մը կեանքը, որ ի վերջոյ կրնայ փոխել նաեւ լիբանանահայութեան կեանքը», ըսաւ ան:
Հարցազրոյցը վարեց`
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ



