«ԼՈՒՎՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱՍԷՐԸ ԱՌԱՆՁԻՆՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴԻՄԱՑ» «ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջին տասնամեակի ընթացքին քսանէ աւելի համաշխարհային ժամանակակից կերպարուեստի ցուցահանդէսներու մասնակցած էք: Այս մէկը բաւականին աշխուժ միջազգային կապեր եւ լայն փորձառութիւն կ՛ենթադրէ: Այս առումով ինչո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս վերջինը` Լուվրի մէջ կայացածը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Տրուած ըլլալով, որ Լուվրը թէ՛ բովանդակութեամբ եւ թէ՛ ծաւալով աշխարհի ամէնէն յայտնի թանգարանն է, բնական է, որ անոր կազմակերպած ցուցահանդէսը տարբերի միւսներէն թէ՛ որակով եւ թէ՛ յատկապէս արուեստի հանդէպ ցուցաբերած բարոյական յատուկ կեցուածքով:
Հ.- Ինչպէ՞ս…
Պ.- Բացատրե՛մ: Ժամանակակից արուեստի վաճառքի մրցակցութիւնը հասած է «վայրագ» առեւտուրի աստիճանին: Իւրաքանչիւր երկրի իւրաքանչիւր արուեստի կազմակերպութիւն ջանք չի խնայեր իրը իբրեւ աշխարհի լաւագոյնը ներկայացնելու: Մրցակցութեան մէջ մեծ դեր կը խաղան տարբեր տեսակի քարոզարշաւներն ու ազդակները, որոնք շփոթի կը մատնեն արուեստասէր հասարակութիւնն ու յատկապէս հաւաքորդները: Ծայրայեղ, երբեմն նոյնիսկ կեղծիքի ու սուտի վրայ հիմնուած ծանուցման պատճառով յաճախ նուազ տաղանդաւորները կ՛արժանանան բարձր պատիւներու, եւ անոնց գործերը կը վաճառուին շատ աւելի բարձր գիներով, քան` առաւել արժանաւոր տաղանդներու ստեղծագործութիւնները: Այս ոչ արդար երեւոյթի առաջքը առնելու համար «Քարուսել տիւ Լուվր»ի կազմակերպիչները իրենց մշակութային քաղաքականութեամբ մէկ կողմէ հաւասար պայմաններ կը ստեղծեն բոլոր արուեստագէտներուն համար, եւ միւս կողմէ` արուեստասէր-գնորդը առանց ծանուցողահան միջնորդութեան առանձինն դէմ յանդիման կը դնեն արուեստի գործի դիմաց, որպէսզի անոր որոշումը կախեալ չըլլայ անունէն, այլ իբրեւ չափանիշ նախ եւ առաջ գնահատուի արուեստի որակը: Այս պատճառով ալ կազմակերպիչները ո՛չ պատկերագիրք տպած էին եւ ո՛չ ալ` պարզ լրատուութենէ անդին որեւէ տեսակի ծանուցման եւ գովազդային աշխատանքներ տարած: Ընդհակառա՛կը, եղածներն ալ հնարաւորին չափ կրճատած էին:
Հ.- Օրինա՞կ…
Պ.- Օրինակի համար, տաղաւարներու ցուցակներուն վրայ մասնակցող երկիրներու անունները չէին նշուած: Գոյութիւն չունէին նաեւ այն պիտակները, որոնք ցուցասրահի տէրերը, արուեստագէտները, արուեստասէրները, լրագրողները եւ կամ կազմակերպիչները իրարմէ կը զանազանեն, որպէսզի արուեստագէտի ազգային պատկանելիութիւնը կամ քաղաքացիութիւնը չազդէ գնորդին եւ կամ լրագրողներու կարծիքին վրայ: Կը կարծեմ, թէ այս վերաբերմունքը արդար է եւ առիթ կու տայ արուեստասէրին, որ կեդրոնանայ արուեստի որակին վրայ աւելի, քան` արուեստագէտի անունին:
Հ.- Իսկ որակը ո՞վ պիտի որոշէ:
Պ.- Իւրաքանչիւր արուեստասէր ունի որակի իր ըմբռնումը, որ ժամանակի ընթացքին կրնայ զարգանալ: Բոլոր պարագաներուն, որակի ըմբռնումը յարաբերական է, յաճախ կախեալ է ակնդիրի ճաշակէն եւ կարողականութենէն: Նկատի առէք, որ նոյնիսկ բացման հանդիսութիւն կամ մրցանակներու բաշխում տեղի չունեցաւ:
Հ.- Այսքանը հասկնալի է, անցնինք միւս հարցին: Երբ ամիսներ առաջ յայտարարուեցաւ «Նոազ Արք»ի Լուվր հրաւիրուած ըլլալու իրողութիւնը, շատեր թերահաւատ գտնուեցան, նոյնիսկ մինչեւ այսօր ոմանց համար յստակ չէ, թէ «Քարուսել տիւ Լուվր» ո՛ւր կը գտնուի եւ կամ կազմակերպիչները ի՛նչ կապ ունին թանգարանի տնօրէնութեան հետ:
Պ.- Լուվրի թանգարանը կառուցուած է իբրեւ արքայանիստ պալատ, նախկին միջնադարեան բերդի մը աւերակներուն վրայ: Շուրջ երեք տասնամեակ առաջ Լուվրի բակը պեղուեցաւ եւ 10-15 մեթր խորութեան մէջ յայտնաբերուեցան միջնադարեան բերդի պարիսպները: Այսօր գետնին տակը պարիսպներու, բացատներուն մէջ կան տարբեր բնոյթի եւ տարբեր նպատակներու համար օգտագործելի կառոյցներ, որոնցմէ մէկը «Քարուսել տիւ Լուվր»ն է: Բոլոր տեսակի կառոյցներն ալ կը պատկանին թանգարանի տնօրէնութեան: Բակին մէջ զետեղուած է ապակեայ բուրգը, որ թանգարանի մուտքերէն մէկն է: Սակայն «Քարուսել տիւ Լուվր» հասնելու համար կայ աւելի կարճ ճանապարհ մը: Ռիվոլի փողոցէն երբ կը մտնէք Լուվր եւ շարժասանդուխներէն երբ կ՛իջնէք քանի մը յարկ, ձեր առջեւ կը բացուի ընդյատակեայ հրապարակ մը: Հոն ձեզ կը դիմաւորէ համեմատաբար փոքր ու շրջուած ապակեայ բուրգ մը, որուն կողքին կը բացուի հսկայ դարպաս մը, ուրկէ կը մտնէք «Քարուսել տիւ Լուվր» մեծղի համալիրը: Հոս է որ տեղի կ՛ունենան տարբեր տեսակի մշակութային միջազգային հանդիպումներ եւ ցուցահանդէսներ:
Հ.- Մուտքը ազա՞տ էր:
Պ.- Ո՛չ, առաջին օրը ցուցահանդէսին ներկայ եղան միայն հրաւիրեալները, իսկ միւս օրերուն ժողովուրդը ներս կը մտնէր վճարելով խորհրդանշական սակ մը միայն` 10 եւրօ:
Հ.- Չէ՞ք կարծեր, որ հակասութիւն մը կայ հոս. ինչո՞ւ տարբերել հրաւիրեալները ժողովուրդէն եւ կամ` որո՞նք են հրաւիրեալները:
Պ.- Հոս անարդարութեան եւ հակասութեան հարց չկայ. հրաւիրեալները ո՛չ քաղաքական դէմքեր են եւ ո՛չ ալ նշանաւոր անձնաւորութիւններ: Անոնք ժողովուրդին մաս կը կազմեն: Անոնք մեծ մասամբ ցուցասրահի տէրեր կամ հաւաքորդներ են, որոնք արուեստը գնահատել եւ արժեւորել գիտեն: Այս պատճառով ալ ցուցահանդէսը դրուած է «Արթ շոփինկ» ընդհանուր խորագրին տակ: Կազմակերպիչներուն նպատակը արուեստի շուկան աշխուժացնել է, անոնք կ՛օգնեն թէ՛ արուեստագէտին, թէ՛ արուեստասէրին. սակայն աւելի գնորդի շահերը կը փորձեն պաշտպանել, քան` ցուցասրահի տէրերուն եւ արուեստագէտներուն:
Հ.- Բոլոր պարագաներուն, սակայն, փաստը կը մնայ փաստ. անուն հանած արուեստագէտներէն շատերու արուեստի որակը չի համապատասխաներ իրենց համբաւի մակարդակին:
Պ.- Ճիշդ է, ծրագրուած ու կազմակերպուած ծանուցումը երբ հիմնուած կ՛ըլլայ ճշգրիտ տուեալներու վրայ, կը նպաստէ արուեստագէտի վերելքին ու անոր արուեստի զարգացման: Սակայն երբ ծանուցումները հիմնուած կ՛ըլլան կեղծ ու սուտ տուեալներու վրայ, այս պարագային արուեստագէտին, համբաւը չի համապատասխաներ անոր արուեստի որակին: Հոս է, որ արուեստասէրը կը մոլորի եւ շուարումի կ՛ենթարկուի: Մեզի ծանօթ են բազմաթիւ արուեստագէտներ, որոնց կենսագրութիւնները լի են անճիշդ եւ շինծու տեղեկութիւններով:
Հ.- Օրինակներ կրնա՞ք տալ:
Պ.- Անուններ չեմ ուզեր տալ, սակայն կարգ մը հայրենի կերպարուեստագէտներ իրենց կենսագրութիւնը ճոխացնելու եւ ակնդիրը տպաւորելու համար կը գրեն, թէ այսինչ թուականին այսինչ քաղաքներու մէջ ցուցահանդէսներ տուած են, եւ կամ` իրենց գործերը միջազգային թանգարաններու մէջ կը գտնուին: Անոնք, անկախ անկէ, որ ապացոյցներ չեն ներկայացներ, իրենց կենսագրութեան մէջ չեն նշեր նաեւ ցուցասրահներու, արուեստի կազմակերպութիւններու եւ կամ ալ թանգարաններու անունները: Այս մէկը ինքնին կեղծ կը հնչէ եւ բնականաբար ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ արթնամիտ արուեստասէրին վրայ: Եկէք` չխորանանք այս հարցի մէջ եւ անցնինք…
Հ.- Հասկնալի է: Լուվրը ի՞նչ տուաւ ձեզի` իբրեւ ցուցասրահի տիրոջ եւ կամ արուեստաբանի:
Պ.- Համաձայն տարողութեան ու վարկին, իւրաքանչիւր միջազգային ցուցահանդէսէ ետք մեր գործունէութեան դաշտը աւելի կը ծաւալի ու կ՛ընդլայնի, հետեւաբար նաեւ կը բարդանայ ու կը դժուարանայ:
Կը ստեղծուին նոր կապեր, կ՛ունենանք նոր յաճախորդներ, նոր հրաւէրներ ու ծրագրեր: Լուվրը բացառութիւն չէր կրնար կազմել յատկապէս իր բարձր վարկով ու արուեստի հանդէպ որդեգրած լուրջ ու բծախնդիր կեցուածքով:
Հ.- Կրնա՞ք մանրամասնել:
Պ.- Օրինակի համար, գործակցելու նախնական համաձայնութիւն գոյացուցինք Պուքրէշի «Ըսփէյս Արթ Կալըրի»ի տնօրէնութեան հետ: Իբրեւ առաջին քայլ` 2013-ի ընթացքին Սուրէն Ոսկանեանի անհատական մէկ ցուցահանդէսը պիտի կազմակերպենք իրենց քով: Տանք երկրորդ օրինակը. ցուցահանդէսի մասնակից գեղանկարիչներէն Փոլ Իկաթրուա եկաւ, ծանօթացաւ մեզի հետ եւ գործակցութիւն առաջարկեց:
Հ.- Ինչո՞ւ յատկապէս «Նոազ Արք»ի հետ:
Պ.- Ան կարդացած էր Սվեթլանա Յակոբեանի մասին յօդուածս «Լիւքս Իմմօ»-ի մէջ. գիտէր նաեւ, որ կ՛աշխատակցիմ «Ֆայն արթ մակազին»-ին: Նախ կ՛առաջարկէր, որ այցելեմ իր տաղաւարը` համագործակցելու համար: Արդիւնքը դրական եղաւ եւ արդէն իսկ իրմէ գործեր բերինք մեզի հետ:
Հ.- Փոլ Իկաթրուան առաջի՞նն է այս մարզին մէջ:
Պ.- Ո՛չ, միջազգային ճանաչում ունեցող կերպարուեստագէտներու 50-է աւելի ստեղծագործութիւններ հաւաքուած են մեր քով, եւ յարմար առիթի կը սպասենք ցուցադրելու համար զանոնք:
Նման ցուցահանդէսի մը կազմակերպումը վստահաբար թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ՛ ուսանելի պիտի ըլլայ Լիբանանի արուեստասէր հասարակութեան եւ նամանաւանդ արուեստագէտներուն համար:
Հ.- Անցնինք յաջորդ հարցին` ժամանակակից արուեստի մէջ հանդիպեցա՞ք հետաքրքրական նորութիւններու:
Պ.- Բացի ժամանակակից թանգարաններէն, այս անգամ այցելեցինք նաեւ Փարիզի գրեթէ բոլոր յայտնի ցուցասրահները, որոնք կեդրոնացած են չորս փողոցներու վրայ` «Ռիւ Մաթինիոն», «Սենթ Ժերմեն», «Սանթր Փոմփիտու» եւ շրջակայք ու յատկապէս` «Վոսկս» հրապարակը:
Հ.- Ինչո՞ւ յատկապէս «Վոսկս» հրապարակը:
Պ.- Անոր համար, որ հրապարակին կառոյցը հնատիպ ըլլալով հանդերձ, այստեղ կը ցուցադրուին ժամանակակից ամենավերջին նորութիւնները: Մեզի համար, իբրեւ հայու, անակնկալ էլ «Էյ անտ Վի» նորաբաց ցուցասրահը, որ կոչուած էր ներկայացնելու միայն Ժան Գազանճեանի ստեղծագործութիւնները: Պարզուեցաւ, որ Ժան Գազանճեան ստեղծած է իր բնոյթով ու արտայայտչաձեւերով գեղանկարչական նոր տեսակ մը. որ հնարաւորութիւնը ունի կերպարուեստի արտայայտչաձեւերը հարստացնելու: Այս իսկ պատճառով արդէն իսկ Փարիզի արուեստի հրատարակութիւնները սկսած են խօսիլ իր մասին:
Հ.- Կրնա՞ք բացատրել, թէ ի՛նչ է իր բերած նորութիւնը:
Պ.- Ան պաստառին վրայ ցանցի երկրորդ շերտ մը աւելցնելով ու անոր վրայ եւս պատկերելով` կրցած է գեղանկարը շարժման մէջ դնել: Հասկնալու համար, թէ խօսքը ինչի՛ մասին է, կա՛մ հարկաւոր է գործը տեսնել, կա՛մ ալ յատուկ յօդուած գրել անոր մասին:
Հ.- Այսքան խօսեցանք, սակայն զարմանալիօրէն մինչեւ հիմա չըսիք, թէ ո՞ր արուեստագէտները ներկայացուցիք «Քարուսել տիւ Լուվր»ի մէջ:
Պ.- Թուեմ` Սուրէն Ոսկանեան, Վահրամ, Եուրոզ, Վահան Ռումելեան, Սվեթլանա Յակոբեան, Դաւիթ Դաւթեան, Արթըր Ք., Արմէն Գէորգեան եւ Էդիկ Բերդեան:
Հ.- Դուք նշեցիք մեծ թիւով արուեստագէտներ, սակայն համացանցի մէջ կարդացինք միայն Վահրամի, Դաւիթ Դաւթեանի եւ Ռուբէն Աբովեանի անունները:
Պ.- Բացատրե՛մ: Այս երեք անունները կազմակերպիչները առած էին անցնող ապրիլին «Մոնաքօ 11»-ի միջազգային խորհրդաժողովին իմ տուած դասախօսութենէս: Այս երեք գեղանկարիչներուն մասին խօսած էի` իբրեւ անհեթեթ գերիրապաշտ ուղղութեան հետեւորդներու:
Հ.- Իսկ ինչո՞ւ Ռուբէն Աբովեանի գործերը չցուցադրեցիք «Քարուսել տիւ Լուվր»ի մէջ:
Պ.- Որովհետեւ «Նոազ Արք»-ը իրաւունք չունի Ռուբէն Աբովեանի գործերը ցուցադրելու Փարիզի մէջ:
Հ.- Գաղտնի՞ք է, թէ կրնանք հասկնալ` ինչո՛ւ:
Պ.- Թիւրիմացութեան տեղի չտալու համար բացատրեմ: «Նոազ Արք»-ը կը գործակցի միջազգային շարք մը արուեստի կազմակերպութիւններու եւ ցուցասրահներու հետ, որոնց շարքին նաեւ «Պէլ էր ֆայն արթ» արուեստի ցուցասրահին, որ մասնաճիւղեր ունի նաեւ Զուիցերիոյ եւ Իտալիոյ մէջ: «Նոազ Արք» ցուցասրահը այլ գեղանկարիչներու կողքին, «Պէլ էր ֆայն արթ»-ին կը տրամադրէ Ռուբէն Աբովեանի գործերէն տարեկան որոշ թիւ մը: Ըստ մեր միջեւ կնքուած համաձայնագրին, «Նոազ Արք» իրաւունք չունի ցուցադրելու եւ վաճառելու Ռուբէն Աբովեանի գործերը յիշեալ երեք երկիրներու տարածքին: Այս յստակ պատճառով Ռուբէն Աբովեանի ստեղծագործութիւնները չցուցադրեցինք Փարիզի մէջ:
Այս անգամ բաւարարուինք այսքանով եւ կը յուսանք, որ մեր արուեստասէր հասարակութիւնն ու յատկապէս արուեստագէտները կ՛օգտուին ձեր փորձառութենէն:
Հ.- Վերջին խօսք մը ունի՞ք:
Պ.- Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, անոր համար, որ թէ՛ լայն տեղ կը տրամադրեն առհասարակ մշակոյթին եւ թէ՛ կարեւոր կը նկատեն հայ արուեստի դերն ու տեղը ազգային գոյատեւման հարցերուն մէջ:
ԹՂԹԱԿԻՑ





