ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԵՐՈՒԺԸ ԿԸ ՏԱՏԱՆԻ. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԱԶԸ ՎԵ՞ՐՋ ԿԸ ԳՏՆԷ

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՄԷԿ ՏԱՐԻԷՆ: ՍԱԿԱՅՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ Է, ՄԻՆՉ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱՏԵՒ ՆԱՀԱՆՋԸ ԿԸ ՏԱԳՆԱՊԵՑՆԷ ԶԱՆՈՆՔ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՌՈՒՓԸՐԹ ՔՈՌՆՈՒԵԼ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԵՒ ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՏԻՐՈՂ ՄՌԱՅԼ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐ ԵՆ ՓԼՈՒԶՈՒՈՂ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՄԸ, ԵՒ ՄԱՏՆԱՑՈՅՑ Կ՛ԸՆԵՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԻ ՄԸ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ:

«Տասը տարի առաջ ունէինք Ճոնի Քեշը, Պոպ Հոփը եւ Սթիւ Ճոպզը,- կ՛ըսէ բառախաղերով հիւսուած դառն կատակը, որ Սիլիքոն Վելիի մէջ կը շրջի այն օրէն, երբ համակարգչային յայտնագործութիւններու եւ արտադրութիւններու այս կեդրոնը կորսնցուց իր հռչակաւոր զաւակը:- Այժմ դրամ (քեշ) չկայ, յոյս (հոփ) չկայ եւ աշխատանք (ճոպ) չկայ»: Թերեւս Նոպելեան մրցանակի արժանի կատակ մը չէ այս, սակայն լաւապէս կը խտացնէ Ամերիկայի մռայլ տրամադրութիւնը այս օրերուն, երբ երկիրը կը պատրաստուի մէկ տարիէն իր վճիռը տալու եւ որոշելու, թէ արդեօք Պարաք Օպամա արժանի՞ է Սպիտակ տան մէջ նախագահութեան երկրորդ շրջանի մը:

Նախագահական իւրաքանչիւր ընտրութենէ առաջ կ՛ըսուի, թէ այս մէկը պիտի դառնայ պատմական ընտրութիւն մը, «պատմական իրադարձութիւն մը», որ պիտի մրցի նախագահութեան պաշտօնին իրապէ՛ս արժանի այն երկու ընտրութիւններուն հետ, որոնք կատարուած էին անցեալ դարուն. առաջինը` 1932-ին, որ դռները բացաւ Ֆրանքլին Ռուզվելթի եւ Ժողովրդավարական կուսակցութեան 5 տասնամեակներու իշխանութեան դիմաց, եւ երկրորդը` 1980-ին, երբ Ռոնըլտ Ռիկընի ընտրութեամբ պաշտօնապէս անցում մը կատարուեցաւ դէպի ազգային պահպանողական քաղաքականութիւն, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Կ՛ենթադրուէր, որ 2008 թուականը պիտի դառնար նոր սկիզբ մը` ոչ միայն նախագահութեան յաղթական թեկնածուին մորթին գոյնին պատճառով, այլ նաեւ` փոփոխութեան, երիտասարդութեան եւ վերանորոգութեան այն հեռանկարներուն, որոնք կը թուէր, թէ կը բացուէին` հակառակ Ամերիկայի Տնտեսական մեծ անկումէն ի վեր ամէնէն սուր տագնապին, որուն թոհուբոհին մէջ նորօրեայ ժամանակներու Ռուզվելթը կը քշուէր դէպի Սպիտակ տուն: Սակայն յայտնապէս իրերը տարբեր դուրս եկան:

Մեծ յոյսեր ծնունդ կու տան մեծ յուսախաբութիւններու: Նոյնը պատահեցաւ նախագահ Օպամայի պարագային: Անոր խոստումը չէ իրականացած, գէթ` ոչ առայժմ, մասամբ իր անձնական փորձառութեան պակասին պատճառով (ան հազիւ երկու տարի ծառայած էր ծերակոյտին մէջ, երբ 2007-ին յայտարարեց իր թեկնածութիւնը), մասամբ` իր հանրապետական հակառակորդներուն միակողմանի կարծր մտայնութեան, սակայն ամէնէն աւելի` տնտեսական այն տագնապին, որ յայտնապէս շատ աւելի խոր էր եւ անհակակշռելի, քան ինչ որ կը նախատեսուէր:

ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՆՇԱՆՆԵՐ

Հաշուական ճշմարտութիւնը ի յայտ եկաւ երկու շաբաթ առաջ, Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական դրամատան նորագոյն կանխատեսութիւններուն մէջ: Այսպէս` յառաջիկայ երեք տարիներուն հաւանական չէ, որ արձանագրուի 2.5 առ հարիւրէ աւելի բարձր տնտեսական աճ, ինչ որ յարգելի է` բաղդատած եւրոյի համար նախատեսուած աւելի կարծր չափանիշներուն, սակայն անբաւարար է` քայլ պահելու համար հետզհետէ աճող աշխատուժի մը կարիքները գոհացնելու առումով: Նոյնիսկ  եթէ պահ մը ենթադրենք, որ կարելի՛ է խուսափիլ տնտեսական կրկնակի նահանջէ մը, գործազրկութեան համեմատութիւնը պիտի մնայ 9 առ հարիւրի շուրջ, երբ Միացեալ Նահանգներ պիտի պատրաստուին նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն:  2014-ին այս համեմատութիւնը հաւանաբար տակաւին պիտի մնայ 7 առ հարիւրէն աւելի բարձր: Համեմատութեան այս նուազումը հաւանաբար պիտի արտացոլացնէ ո՛չ թէ աշխատանքի կարելիութիւններու ընդհանուր բազմացում մը, այլ այն իրողութիւնը, թէ շատ աւելի մեծ թիւով ամերիկացիներ պիտի դադրին գործ փնտռելէ: Հարկ է յիշել, թէ Ռուզվելթէն ի վեր ոչ մէկ նախագահ վերընտրուած է, երբ երկրին մէջ գործազրկութեան համեմատութիւնը 7.2 առ հարիւրէն աւելի բարձր արձանագրուած է:

Սակայն թիւերը կը ներկայացնեն պատմութեան միայն մէկ մասը: Անոնք անկարող են արտայայտելու քայքայումի այն համատարած զգացողութիւնը, թէ տնտեսական ներկայ անկումը պարզապէս անցողակի բան մը չէ, այլ տեւական վայրէջք մը կը գծէ ազգային բարօրութեան մակարդակը ցոյց տուող տախտակներուն վրայ: Այնքան ատեն որ տնտեսութիւնը լայն տարողութեամբ բռնած էր դէպի վեր ընթացք մը, քողարկուած կը մնային ամերիկեան վարչակարգին անարդարութիւններն ու թերութիւնները:

Մտահոգիչ նշաններ, ինչպէս` հետզհետէ սրող պիւտճէական տագնապներ, անձնական պարտքերու կուտակումներ եւ միջին խաւի եկամուտի լճացում, արդէն առկայ են տասնամեակէ մը ի վեր: Սակայն վերջին տարիներուն տնտեսական մեծ տագնապը աւելի ցայտուն դարձուցած է զանոնք եւ թերեւս կրնայ պատճառ դառնալ, որ ամերիկացի քուէարկողները դիմեն իրենց յատուկ յեղափոխութեան մը: Անձկութիւնն ու զայրոյթը այսօրուան տիրական զգացումներն են: Զանոնք կարելի է չափել դէպի քաղաքական աջ թեւ թեքած Թի փարթի շարժումին հետզհետէ աճող ժողովրդականութեամբ, ինչպէս նաեւ` դէպի քաղաքական ձախ թեւ թեքած Օքիւփայ Ուոլ սթրիթ (գրաւել սակարանային Ուոլ սթրիթ շուկան) շարժումին մէջ: Գաղափարական առումով` այս երկուքը բեւեռային հակադրութիւններ են. առաջինը պետութիւնը կը նկատէ իւրաքանչիւր չարիքի աղբիւրը, իսկ երկրորդը կը պահանջէ, որ պետութիւնը արմատախիլ ընէ հակակշիռէ դուրս ելած դրամապաշտութեան անարդարութիւնները:

Օքիւփայ Ուոլ սթրիթի բաղդատած` Թի փարթին համեմատաբար կազմակերպուած քաղաքական ուժ մըն է, որ այժմ կը ներկայացնէ Հանրապետական կուսակցութեան ոգին: Սակայն ձեւով մը այս երկու շարժումները նոյն մետալին տարբեր երեսներն են: Երկուքն ալ այլեւս չեն հանդուրժեր ներկայ կարգավիճակը: Երկուքն ալ կ՛ատեն այն համակարգը, ուր դրամը կ՛իշխէ, ուր քաղաքական գործիչներ կը գտնուին դրամ ներդրողներու «գրպանին մէջ», ուր բարձրաստիճան պաշտօնեաներ իրենք իրենց համար կը գանձեն խելայեղ գումարներու հասնող յաւելեալ աշխատավարձեր, նոյնիսկ երբ իրենց ղեկավարած ընկերութիւնները առաջնորդած են դէպի անդունդ:

Իսկ շատ աւելի հիմնական հարց մը այն է, թէ վերջին տարիներու տնտեսական մեծ տագնապը ի յայտ կը բերէ ամերիկեան երազին հիմքը կազմող ենթադրութիւններուն սուտը: Հարստանալու իրաւունքը միշտ ալ մաս կազմած է այս երազին, սակայն` արդարութեան սահմաններուն մէջ: Այժմ այս սահմանները խախտած են` խորտակուելու աստիճան: Շաբաթ չ՛անցնիր` առանց նոր վիճակագրութեան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ երկրին հարստութիւնը հետզհետէ աւելի կը կեդրոնանայ խիստ սակաւաթիւ անձերու ձեռքին մէջ: Այժմ շատ հարուստներուն եւ մնացեալ խաւերուն միջեւ վիհը շատ աւելի խոր է` 1929-ի Տնտեսական մեծ անկումէն ետք որեւէ ժամանակէ ի վեր: Ազատականներ կը մեղադրեն Ճորճ Պուշի վաւերացուցած տուրքերու կրճատումները 2001-ին եւ 2003-ին: Սակայն այս կրճատումները պարզապէս ամրապնդած են արդէն գոյութիւն ունեցող ընթացքը, որուն համաձայն, արհեստագիտական յառաջդիմութիւններ շահ ապահոված են դրամագլուխի եւ գերազանց կարողութիւններու տէր անձերու, մինչ աշխատանքի շուկային համաշխարհայնացումը արմատախիլ ըրած է աւանդաբար միջին խաւին պատկանող միլիոնաւոր աշխատանքի կարելիութիւններ, նոյնինքն` Միացեալ Նահանգներու մէջ:

ԱՆԿՈՒՄԻ ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հետզհետէ կը չքանայ նաեւ այն ակնկալութիւնը, թէ իւրաքանչիւր սերունդ աւելի լաւ պիտի ապրի, քան` իր նախորդը: Այսօրուան անչափահաս ամերիկացիները թերեւս շատ աւելի վատ պայմաններու մէջ պիտի ապրին, քան` իրենց ծնողները, եւ այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր աւանդական առումով լիաժամ աշխատանքը ընդմիշտ վերացած պիտի ըլլայ: Կրթութեան մարզը եւս կ՛ենթադրուէր ըլլալ մշտական բարգաւաճումի բանալին: Այժմ ամերիկացիք տեւաբար ենթակայ են ապացոյցներու տարափի մը, որ կ՛ըսէ, թէ ամերիկեան դպրոցներուն մակարդակը վտանգաւոր համեմատութիւններով ետ կը մնայ Ասիոյ եւ Եւրոպայի դպրոցներուն մակարդակէն:

Ճիշդ է, որ ամերիկեան համալսարանները աշխարհի նախանձին առարկան են. փաստը` դէպի այս համալսարանները փութացող օտար աշակերտներուն թիւը: Սակայն կրթական մարզին մէջ ամերիկացի ուսանողի մը պարտքերը միջին հաշուով հասած են 25 հազար տոլարի, ինչ որ մրցանիշ մը կը կոտրէ, մինչ ուսանողներու կողմէ փոխ առնուած գումարները այժմ կը գերազանցեն քրետիթ-քարտի մը համար սահմանուած առաւելագոյն պարտքի կարելիութիւնները: Եւ այս` այնպիսի ժամանակներու, երբ կը չքանան գործի այն ասպարէզները, որոնց մէջ մուտք գործելով` շրջանաւարտներ պիտի կարենային վճարել իրենց պարտքերը: Կ՛ենթադրուէր, թէ Ամերիկա ընկերային մէկ խաւէն միւսին անցնելու երկիրն էր: Սակայն իրականութեան մէջ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ եթէ մէկը ծնած է աղքատ ընտանիքի մը մէջ, ապա աւելի առիթ ունի հարստանալու Քանատայի մէջ կամ եւրոպական շարք մը երկիրներու, քան` Միացեալ Նահանգներու:

Ինչ որ ձեւով մը մեզ կը վերադարձնէ Սթիւ Ճոպզի: Անկասկած, որ ան արդի ժամանակներու գործառնութեանց տիտանն էր եւ կը բաղդատուէր Թոմըս Էտիսընի կամ Հենրի Ֆորտի: Սակայն անոր մահուան ստեղծած վիշտը կ՛ըսէր շատ աւելին. ձեւով մը որոշ «Ամերիկա մը» կը մեռնէր անոր հետ. ա՛յն Ամերիկան, ուր քանի մը պատանի կառատան մը մէջ յայտնագործութիւն մը կատարելով` կրնային փոխել աշխարհը:

Անշուշտ նման մտավախութիւններ մեծապէս չափազանցուած են: Միացեալ Նահանգներ տակաւին այն վայրն են, ուր տեղի կ՛ունենան աշխարհի մէջ ամէնէն մեծ թիւով յայտնագործութիւնները, ինչպէս կ՛ապացուցեն յայտնագործութեան մը սեփականութեան իրաւունքը հաստատող պաշտօնաթուղթերը, Նոպելեան մրցանակակիրներուն թիւը, աշխարհը կլանող նոր ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ` ճարտարարուեստական մարզերու մէջ անվերջ լրտեսութիւնը, զոր ի գործ կը դնեն Չինաստանի եւ Ռուսիոյ նման երկիրներ` ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու: Սակայն շօշափելի է այն զգացողութիւնը, թէ 21-րդ դարը պիտի չպատկանի Միացեալ Նահանգներու, եւ թէ` տնտեսական համաշխարհային գերակայութիւնը կ՛ուղղուի դէպի Խաղաղական:

Անկումի այս զգացողութեան մէջ նուազ ճնշիչ, սակայն նոյնքան շօշափելի դեր մը ունի Միացեալ Նահանգներու ուժին տկարացումը արտասահմանի տարածքին: Երկու շաբաթ առաջ Քաննի մէջ Դրամական մարզի նախարարութիւններու եւ կեդրոնական դրամատուներու աշխարհի 20 մեծերուն գերաստիճանը որոշ չափով ընդգծեց այս կէտը: Ժամանակին Ուաշինկթըն պիտի նկատուէր եւրոյի գօտին փրկելու կարողութեամբ օժտուած երկիր մը: Այս օրերուն մինչեւ վիզը խրած պարտքերու մէջ` Միացեալ Նահանգներ պարզապէս դիտորդ մըն են: Բոլոր աչքերը ուղղուած են Չինաստանի կողմը, որուն արտաքին պահեստներու գումարը կը հասնի 3.2 թրիլիոն տոլարի:

Անշուշտ զինուորական առումով կարելի չէ մարտահրաւէր ուղղել Միացեալ Նահանգներուն` աշխարհի միակ գերուժին, որ առանձինը կրնայ մէկ վայրկեանի մէջ զինուորական հսկայական ուժ ուղարկել աշխարհի որեւէ անկիւնը: Սակայն Ուաշինկթըն այլեւս չի կրնար դրամական աղբիւրներ ապահովել` դէպի Իրաք կամ Աֆղանիստան կատարած իր ներխուժումներուն նման ծրագիրի մը համար: Այս երկիրներուն մէջ իր մղած պատերազմները Միացեալ Նահանգներու արժած են աւելի քան 1 թրիլիոն տոլար. ամբողջութեամբ փոխ առնուած գումար մը, որուն դիմաց երկիրը շատ քիչ բան ունի տալու:

Ամերիկայի շուքը կ՛երերայ նաեւ այն շրջաններուն մէջ, ուր անոր ներգործութիւնը աւանդաբար հզօր էր: Միացեալ Նահանգներ անկարող են ձեւաւորելու իսրայէլեան-պաղեստինեան խաղաղութեան գործընթաց մը: Անոնք հեռուէն դիտեցին արաբական յեղափոխութիւններուն զարգացումը: Նախագահ Օպամայի անկեղծ, թէեւ դժգոհ մէկ արտայայտութեամբ` «Միացեալ Նահանգներ ետեւէն առաջնորդեցին» Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի պայքարը: Այս մօտեցումը թերեւս ստիպողական էր` դիւանագիտական եւ դրամական առումով: Սակայն Միացեալ Նահանգներու  ծաւալապաշտութեան եւ երկրին համաշխարհային կոչումին ջատագովներուն համաձայն, իրօք, շատ տկար կեցուածք մըն էր:

ՊԱՏՐԱՆԱԹԱՓՈՒԹԻՒՆ

Այսուհանդերձ, ոչ մէկ տեղ աւելի մեծ է այն պատրանաթափութիւնը եւ այն զգացողութիւնը, թէ երբեմնի գործելակերպը այլեւս ապարդիւն է, որքան` երկրին քաղաքական համակարգին նկատմամբ ամերիկացիներուն հայեցակէտերուն մէջ: Երբ ժամանակները լաւ էին, թերութիւնները կարեւոր չէին. դաշնակցային պետութիւնը աւանդաբար հեռաւոր կառոյց մըն էր, իսկ սահմանադրութեան մէջ ամէն ինչ ձեւագծուած էր` զայն պահելու համար իբրեւ այդպիսին: Սակայն, երբ ժամանակները վատ են, մարդիկ իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն Ուաշինկթըն` լուծումներ փնտռելով: Այսօրուան անշարժութիւնն ու անդամալուծութիւնը կը ստեղծեն հարցականներ, որոնք մտածել կու տան, թէ արդեօք արդիւնաւէ՞տ է երկու կուսակցութիւններու վրայ հիմնուած քաղաքական համակարգը` իր ներկայ ձեւին մէջ:

Խորքին մէջ ամերիկացիք գործնապաշտ են եւ չափաւորական: Սակայն, երբ անոնք իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն Ուաշինկթըն, հոն կը տեսնեն միայն բեւեռացում եւ անվերջ պայքար` երկու կուսակցութիւններու միջեւ, իրենց ծայրայեղութիւններէն մղուած: Միացեալ Նահանգներու պետական համակարգը բաժնուած ըլլալով` քաղաքական կեանքը կարելի կը դառնայ միայն միջին եզրերով, իսկ միջին եզրերը ծնունդ կ՛առնեն երկու ծայրայեղութիւններու միջեւ միջին կէտէ մը: Այսուհանդերձ, Ուաշինկթընի մէջ կեդրոնը մեծ մասամբ քայքայուած է: Ծերակուտականներու եւ Ներկայացուցչական տան անդամներուն մեծ մասին համար նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ վտանգը ո՛չ թէ հակառակորդ կուսակցութիւնն է , այլ` սեփական կուսակցութեան մէջ արմատական թեկնածուի մը ընտրապայքարը, որուն զօրակցող նուիրեալներու փոքրամասնութիւն մը կ՛որոշէ կուսակցութեան թեկնածուին ընտրութիւնը:

Հետեւաբար ունինք Ժողովրդավարական կուսակցութիւն մը, որուն մէջ կ՛իշխէ անոր ազատական թեւը, եւ` Հանրապետական կուսակցութիւն մը, որ դարձած է շատ աւելի պահպանողական: Իւրաքանչիւրը խրած է գաղափարական խորունկ խրամատներու մէջ: Ամերիկացիք ընդհանրապէս կը նախընտրեն յանդուգն վիճարկութիւնները եւ բաժանուած պետութիւն մը, սակայն` ոչ այսքա՛ն բաժանուած: Կողմերու միջեւ հաւասարակշռութիւնը շատ լաւ է: Սակայն, երբ օրէնսդիր մարմին մը, ինչպէս` ծերակոյտը, կը պահանջէ իր 100 անդամներէն 60-ին քուէները` նուազագոյն վիճելի օրէնքը նոյնիսկ քուէարկութեան դնելու համար, ապա կը նշանակէ, թէ արդէն չափը անցած է:

Երբ անցեալ ամառ երկրին կողմէ փոխ առնուած առաւելագոյն գումարներուն աննախընթաց յաւելումը, որ կը խորտակէր սահմանները, ստեղծեց խայտառակ վիճակ մը, դժգոհութիւնը վերածուեցաւ նողկանքի: Պատկերասփիւռի «Սի. Պի. Էս.» կայանին եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին կողմէ վերջերս կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, թէ ամերիկացիները միայն 6 առ հարիւր համեմատութեամբ կը գնահատէին Ներկայացուցչական տան գործունէութիւնը, որուն հակազդեցութիւնը անմիջապէս եղաւ այն, թէ որո՛նք կը ներկայացնէին այս 6 առ հարիւրը:

Սակայն կը թուի, թէ ոչինչ կը փոխուի: Երկու շաբաթ առաջ Ներկայացուցիչներու տունը յաջողեցաւ 396 քուէներու մեծամասնութեամբ անցընել որոշում մը, որ կը վերահաստատէր «Աստուծոյ կը վստահինք» Միացեալ Նահանգներու կարգախօսը: Սակայն կարեւոր որոշումներու կայացումը կը յամենայ եւ անոնք կը նեխին: Երկու շաբաթ առաջ հանրապետական ներկայացուցիչներ աստուածաբանական հիմունքներով խուսափեցան բարձր տուրքեր սահմանելու որոշումէ մը, նոյնիսկ` գերհարուստ խաւին համար: Անոնք մերժեցին որդեգրել բանաձեւ մը, որ աշխատանք պիտի հայթայթէր հարիւր հազարաւոր անձերու եւ պիտի բարելաւէր երկրին մաշող ենթակառոյցները: Հաւանական է, որ նմանօրինակ դիմադրութիւն մը թոյլ չտայ երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած «գերագոյն յանձնախումբի» մը` մինչեւ Թենքսկիվինկի տօնը իր համաձայնութիւնը տալու յառաջիկայ տասնամեակին պարտքերու 1.2 թրիլիոն տոլարի յաւելեալ կրճատումներու ծրագիրի մը: Ձախողութեան պարագային, վճարուած գինը հաւանաբար պատճառ պիտի դառնայ, որ համեմատութիւններ ճշդող ընկերութիւններ շատ աւելի ստորադասեն Միացեալ Նահանգներու պետական պարտքերը, հետեւաբար սովորական քաղաքացիներ շատ աւելի արհամարհանք տածեն քաղաքական գործիչներու նկատմամբ:

ԸՄԲՈՍՏԱՆԱԼՈՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Զարմանալի չէ, որ ամերիկացիք տեւաբար կը փնտռեն նոր փրկարարներ: Զարմանալի չէ, որ բողոքի շարժումներ ծնունդ կ՛առնեն քաղաքական ձախ եւ աջ թեւերուն մէջ: Զարմանալի չէ, որ ժողովրդականութիւն կը վայելեն ոչ աւանդական քաղաքական գործիչներ, ինչպէս` Նիւ Ճըրզիի հանրապետական կառավարիչ Քրիս Քրիսթի, որ կը խօսի առանց ծամծմելու բառերը, կամ` Հարվըրտ համալսարանի դասախօս Էլիզապէթ Ուարըն, որ անդամ է Ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ պայքար կը մղէ դառնալու համար ծերակուտական` իր ցասումը թափելով Ուոլ Սթրիթի սակարանային շուկային եւ դրամական ճարտարարուեստին մէջ:

Ըմբոստութեան տրամադրութիւնները նաեւ կ՛օգնեն բացատրելու 2012-ի նախագահական ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան մէջ թեկնածուի մը ընտրութեան տարօրինակ պայքարը. կուսակցութիւնը կը մերժէ զօրակցիլ տիրական արժանիքներով օժտուած Միթ Ռոմնիի եւ «կը սիրահետէ» շարք մը այլընտրանքներ, ինչպէս` թեկնածութիւնը փիցցայի ընկերութեան մը մեծահարուստ սեփականատէր Հերման Քայնի, որուն գրաւչութիւնը յայտնապէս չի նսեմանար` նոյնիսկ սեռային հալածանքի գայթակղութեամբ մը:

Նախագահական ընտրութիւնները տակաւին մէկ տարի հեռու են: Անոնց արդիւնքը ամբողջութեամբ աննախատեսելի է: Բնականոն ժամանակներու հարցախոյզեր ցոյց պիտի տային, թէ ամերիկացիներուն հազիւ 45 առ հարիւրը կը գնահատէր Օպամայի վարչաձեւը, իսկ 75 առ հարիւրը պիտի ըսէր, թէ երկիրը կը գտնուէր «սխալ ճամբու վրայ», ինչ որ արդէն մեծ դժուարութիւն պիտի ստեղծէր նախագահ Օպամայի համար: Սակայն ինչպէս մարզական աշխարհի յատուկ առածը կ՛ըսէ, կարելի չէ մէկը պարտութեան մատնել առանց մէկուն:

Այսուհանդերձ, մէկ բան յստակ է: Ամերիկայի ներկայ մռայլ ժամանակներուն բեմը պատրաստ է` ամբոխավարներուն համար: Թերեւս ներկայ նախագահը պիտի ըլլար անոնցմէ մէկը եւ պիտի խարազանէր անսիրտ հանրապետականները` հարուստներուն  դիմաց տեղի տալու իրենց ընթացքին համար: Թերեւս անոնցմէ մէկը պիտի ըլլար հանրապետական մը, որ պիտի կարենար համոզել իր հայրենակիցները, թէ նախագահ Օպամա երկիրը կ՛առաջնորդէր դէպի փլուզում: Թերեւս այդ անձը պիտի ըլլար երրորդ կուսակցութեան մը թեկնածուն, որ ձեւով մը պիտի ապահովէր ելք մը` լճացած իրավիճակին ստեղծած ընդհանուր զայրոյթի մթնոլորտին մէջ:

Պէտք չէ ամբողջութեամբ հրաժարիլ այս գաղափարէն: Ի վերջոյ արտառոց Ռոս Փերոն 1992-ի նախագահական ընտրութիւններէն միայն 6 ամիս առաջ ներկայացուց իր թեկնածութիւնը եւ ձեռնարկեց ընտրապայքարի: Ան ապահովեց քուէներուն գրեթէ 20 առ հարիւրը, եւ այնպիսի ժամանակներու, երբ Ամերիկայի հարցերը այսօրուան հարցերուն մէկ տասերորդ համեմատութիւնը կը կազմէին: Ամէն պարագայի, 2012-ի նախագահական ընտրութիւնները այս կամ այն ձեւով պիտի դառնան «պատմական» ընտրութիւններ. բան մը, որ կարելի չէ ըսել 2008-ի ընտրութիւններուն համար:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES