ԻՐԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԶՕՐ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ»
Իրանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վեհիտի յայտարարած է, որ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ յարձակում մը Թել Աւիւի համար անձնասպանութեան համազօր պիտի ըլլայ:
«Իսրայէլը այն վիճակին մէջ չէ եւ այնքան զօրութիւն չունի, որ կարենայ Իրանի վրայ յարձակիլ: Այդ յարձակումը սիոնական վարչակարգին համար անձնասպանութիւն պիտի նշանակէ: Եթէ Իսրայէլ կ՛ուզէ անձնասպանութիւն գործել, ապա կրնայ Իրանի վրայ յարձակիլ», ըսած է Իրանի պաշտպանութեան նախարարը:
Նշենք, որ վերջերս մամուլին մէջ սկսած են առատ կերպով շրջիլ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ հաւանական յարձակումի մասին լուրեր:
CATEGORIES Միջազգային


