ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՌԱՆՑ ՕԴԱՉՈՒԻ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔ ՄԸ ԻՆԿԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՄԷՋ
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան «Հերոն» տիպի առանց օդաչուի թռչող սարք մը ինկած է Միջերկրական ծովուն մէջ` Թուրքիոյ Ատանա քաղաքին մօտակայքը:
Ծովուն մէջ յայտնուած սարքը ինկած է ուռկանը տեղացի ձկնորսներու, որոնք զայն ջուրէն հանելով հետագայ ուսումնասիրութեան համար ուղարկած են Անգարայի համապատասխան գործակալութեան:
Նշենք, որ «Նիուզ1» կայքէջը հաղորդած էր, որ այս դէպքէն մէկ օր առաջ իսրայէլեան առանց օդաչուի թռչող այլ սարք մը, որ հետախուզական թռիչք կը կատարէր, մէկուկէս շաբաթ առաջ անհետացած է:
«ՄիկՆիուզ» կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան աղբիւրները առանց օդաչուի թռչող սարքերու անհետացման վերաբերեալ տեղեկութիւնները հիմնաւորող փաստեր չեն հաղորդեր:
CATEGORIES Միջազգային


