ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԿ-Ի ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ
21 մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Սուփաչայ Փանիթչփաքտին:
Ողջունելով հիւրը` Էդուարդ Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի քարտուղարութեան կողմէ Հայաստանի մրցակցային քաղաքականութեան մարզին մէջ տարուող աշխատանքներուն ցուցաբերուած աջակցութեան համար:
ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի ընդհանուր քարտուղարը բարձր գնահատեց Հայաստանի հետ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ նշեց, որ տնտեսական մարզի բարեփոխումները Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ կ՛ընթանան:
Հիւրին խնդրանքով Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի արտաքին տնտեսական կապերը եւ անոնց խթանման ուղղուած իշխանութիւններու քայլերը:
Սուփաչայ Փանիթչփաքտի նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին ներկայացուց համաշխարհային տնտեսական տագնապի յաղթահարման իր տեսլականը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մրցակցային քաղաքականութեան բարելաւման ուղղուած կարգ մը հարցեր: