ԽՐՈՒԱԹԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ԵՒ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՀԵՏ

Պեպիչ եւ Աբրահամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեցին Հայաստան գտնուող Խրուաթիոյ խորհրդարանի նախագահ Լուքա Պեպիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Լուքա Պեպիչի հետ ունեցած իր դռնփակ հանդիպումին ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան կարեւոր նկատեց Խրուաթիոյ հետ գործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ:

Խրուաթիոյ խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ տպաւորուած է իր տեսածով: Ըստ անոր, հայ եւ խրուաթ ժողովուրդները պատմական շատ ընդհանրութիւններ ունին:

Դռնփակ հանդիպումին յաջորդեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը տեղեկացուց, որ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Լուքա Պեպիչի հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-խրուաթական երկկողմանի յարաբերութիւններու, Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան եւ միջազգային ու շրջանային կարգ մը խնդիրներու վերաբերեալ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները:

Այս տարի կ՛ակնկալուի Խրուաթիոյ նախագահ Իվօ Եոսիփովիչի Հայաստան այցելութիւնը: Երկու երկիրներու նախագահները փոխադարձ այցելութիւններ կատարած են 2009 թուականին:

Share this Article
CATEGORIES