ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ 60 ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

Խոստման արարողութեան պահուն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, շաբաթ, 12 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ խոստման արարողութիւն, որուն մասնակցեցան 60 դաշնակցական պատանիներ:

Այս առիթով պատանիներուն խոստման արարողութեան կնքահայրը դարձաւ Սարգիս Փարմաքսըզեան, որ շեշտեց, թէ դաշնակցական պատանին ոեւէ պատանի չէ. «Անիկա հայ պատանի է, սակայն ան ընտրուած է ըլլալու վաղուան երիտասարդը, վաղուան ուսանողը, որ տէր ու պաշտպան պիտի դառնայ Հայ դատին», ըսաւ ան:

Փարմաքսըզեան նշեց, որ Հայ դատին մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը եւ այդ պատճառով ալ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դրուի օժանդակելու համար Արցախին եւ անոր մղած գոյութենական պայքարին:

«Այսօր գոյատեւող ազատ եւ անկախ Արցախի մէջ ազատագրուած իւրաքանչիւր տարածք հայ ժողովուրդին ծնած հերոսներուն արեամբ շաղախուած հող է եւ մենք անոր տէր պէտք է կանգնինք: Թո՛ղ Արցախի ազատագրման համար եւ հայ ժողովուրդին ազատութեան համար նահատակուած իւրաքանչիւր ազատամարտիկի յիշատակը թարմ մնա՛յ ձեր մէջ ու բարձր պահէ ձեզի փոխանցուած պայքարի կորովը», ըսաւ ան:

Խոստում տուած պատանիներուն փաղանգը կոչուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 20-ամեակի սերունդ»:

Խոստման արարողութենէն ետք Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամ երէց բոլոր պատանիները «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ դիտեցին հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի պատրաստած «Հայերը Մռաւից Արաքս» տեղեկատուական ժապաւէնը:

 

Share this Article
CATEGORIES