«ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՈՐԵՒԷ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՉԷ ՀԱՍԱԾ» Կ՛ԸՍԷ ԱԶԻՄՈՎ

Արազ Ազիմով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով աւստրիական «Տեր Սթանտարտ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը տակաւին որեւէ յաջողութեան չէ հասած:

«Փոխզիջումային լուծումը, որուն հաւանաբար դիմէ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ, որեւէ տարածքի Հայաստանին վերադարձ չ՛ենթադրեր: Փոխզիջում կրնայ ըլլալ երկու համայնքներու միացեալ գոյակցութիւնը», ըսած է ան:

Ինչպէս կը հաղորդէ ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը, Ազիմով աւելցուցած է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Ազրպէյճան տագնապի քաղաքական լուծման կողմնակից է, այդուհանդերձ, իր զինուորական ներուժը կ՛ամրապնդէ: Ան ըսած է, որ Ազրպէյճան` օգտագործելով բոլոր քաղաքական միջոցները, կը ձգտի իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնել` միջազգային իրաւական սկզբունքներուն հիման վրայ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարը աւելցուցած է, որ տագնապի ձգձգումը կրնայ անբարենպաստ հետեւանքներ ունենալ ոչ միայն Ազրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի համար, այլ նաեւ` ամբողջ Եւրոպայի համար: Ըստ անոր, տագնապը լուրջ վտանգ կրնայ ներկայացնել Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութեան ապահովման համար` հաշուի առնելով այն իրողութիւնը, որ Ազրպէյճան ուժանիւթի մարզին մէջ կարեւոր դերակատար է:

Share this Article
CATEGORIES