ԵԱՀԿ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՅՑԵՐՈՒ ԱՃԻՆ ՀԱՐՑՈՎ

ԵԱՀԿ-ի զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Տունիա Միյաթովիչ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին յղած նամակին մէջ մտահոգութիւն յայտնած է հայաստանեան լրատուամիջոցներու դէմ ներկայացուող դատական հայցերու աճող թիւին հետ կապուած` իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով շարունակելու օրէնսդրական բարեփոխումները` զրպարտութեան եւ վիրաւորանքի յօդուածներով դատական հայցերու պարագային լրատուամիջոցները համարժէք կերպով պաշտպանելու համար:

Միյաթովիչ կ՛ընդգծէ, որ փոխհատուցման չափը, որ կը ներկայացուի այս հարցերուն մէջ, պէտք է համապատասխանէ իրական վնասին եւ չյանգեցնէ լրատուամիջոցներու փակման, ինչ որ մամլոյ ազատութեան սահմանափակման կ՛առաջնորդէ:

Էդուարդ Նալբանդեանին գրած նամակին մէջ Միյաթովիչ կը յայտնէ, որ իր ղեկավարած գրասենեակը  պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին օրէնսդրական հետագայ բարեփոխումներու եւ մամլոյ ազատութեան յառաջընթացի հարցին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES