ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ «ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, ՍԱԿԱՅՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ ԲՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՈՃԸ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր ստուգեց բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներ եւ դարձաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ճաշի հիւրը:
Նախագահ Սլէյմանի ընկերակցեցան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, պետական նախարար Ահմետ Քարամէ եւ երեսփոխան Սամիր Ժսըր:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին, նախագահ Սլէյման վարչապետ Միքաթիի կողմէ ընդունուեցաւ Լիբանանեան համալսարանի համալիրին մուտքին, ուր բացատրութիւններ լսեց եւ շրջեցաւ տակաւին կառուցուող այդ համալիրին մէջ:
Նախագահ Սլէյմանի ընկերակցող պատուիրակութենէն բացի ներկայ գտնուեցան նաեւ բարձրագոյն կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ, երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն եւ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշ:
Համալիրէն մեկնումի պահուն, նախագահ Սլէյման պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, նշեց, որ Լիբանանի հիմնական կեցուածքը յստակ է. ան կը զօրակցի ժողովրդավարութեան ու իշխանափոխութեան եւ կը փափաքի, որ իր դրացի երկիրներուն մէջ եւս, ներառեալ` Սուրիան, այդպէս ըլլայ կացութիւնը: «Սակայն Լիբանան կը մերժէ քաղաքական այդ նպատակները բրտութեամբ իրագործել: Այս պատճառով ալ, Լիբանան համաձայն էր Արաբական լիկայէն բխած նախաձեռնութեան գործադրութեան: Կը մաղթենք, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին սուրիական իշխանութիւնները կարենան այդ նախաձեռնութիւնը իրագործել իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որոնց ծիրին մէջ նաեւ` բարեկարգումներու գործադրութիւնն ու սուրիական ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան սկսիլը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Անդրադառնալով Արաբական լիկային Սուրիոյ անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումին` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ արաբական որեւէ երկրի անդամակցութեան սառեցումը կամ արաբական որեւէ երկրի լուսանցքայնացումը` անոր ունենալիք հետեւանքներուն պատճառով:
«Հակառակ անոր որ մենք կ՛ենթարկուինք Արաբական լիկայի որոշումներուն, սակայն մենք համոզուած ենք, որ նման որոշումներ ոչ միայն կը սառեցնեն պետութիւնը, այլ նաեւ` ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ կը խզեն երկխօսութիւնը: Այս բոլորին կողքին արաբ կամ սուրիացի ոեւէ քաղաքացի պէտք չէ զգայ, որ ինք արաբ քաղաքացի չէ», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումը մերժելի է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մեկուսացումը կրնայ դուռ բանալ այլ վտանգներու, ինչպէս` արտաքին միջամտութիւններու, որոնք իրենց կարգին Լիբանանի համար մերժելի են:
Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի` ընկերակցութեամբ իրենց ընկերակցող պատուիրակութեան, այցելեցին նաեւ Թրիփոլիի Արդարութեան պալատը, ուր հանրապետութեան նախագահին ներկայացուեցան Արդարութեան պալատին աշխատանքները:
Նախագահ Սլէյման այցելեց նաեւ Թրիփոլիի նաւահանգիստը, ուր ստուգեց նաւահանգիստին ընդարձակման աշխատանքները:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց Լիբանանի մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրագործելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, ան նշեց, որ Լիբանան կը զօրակցի Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումին: «Եթէ կարգ մը բացթողումներու համար մենք այդ ատեանը քննադատեցինք կամ անոր վստահութիւնը խոցելի դարձաւ, ապա ան պէտք է իր վստահութիւնը վերահաստատէ: Սակայն միջազգային բանաձեւերուն նկատմամբ լիբանանեան պետութեան վստահութիւնը երբեք պէտք չէ խոցել», ընդգծեց նախագահ Սլէյման:
Կէսօրին, նախագահ Սլէյման բացումը կատարեց «Ինքնաշարժներէ զերծ Թրիփոլիի օր»-ուան տօնակատարութեան:
Կենսոլորտի յատուկ այս ձեռնարկին ընթացքին, Թրիփոլիի եւ Մինայի քաղաքապետերը երկու քաղաքներուն բանալիները յանձնեցին նախագահ Սլէյմանին:
Հանրապետութեան նախագահին Թրիփոլի այցելութեան վերջին հանգրուանը եղաւ Ռաշիտ Քարամէի անուան համալիր այցելութիւնը, ուր անոր ի պատիւ ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ վարչապետ Միքաթիի կողմէ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին նախագահ Սլէյման նշեց, որ Թրիփոլի Լիբանանի համար երկրորդ մայրաքաղաք մը կը նկատուի: Ան հաստատեց, որ Թրիփոլի ո՛չ առանձին եւ ո՛չ ալ լքուած շրջան մըն է:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններուն, որ անսան լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան կոչերուն: Ան նշեց, որ «Սուրիոյ կապակցութեամբ Արաբական լիկայի մէջ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքը հիմնուած է պատմական ու աշխարհագրական հիմքերու վրայ եւ ան կը բխի Լիբանանի իւրայատուկ պարագայէն, որ հասկնալի պէտք է ըլլայ արաբ մեր եղբայրներուն համար»:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց նաեւ Թրիփոլիի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը երկրին եւ քաղաքացիներուն շահերը կը դասէ ամէն բանէ վեր:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ Սուրիայէն Լիբանան ապաստանող սուրիացի գաղթականները լիբանանեան պետութեան մարդասիրական վարուելակերպին կ՛արժանանան` աւելցնելով, որ անիկա կարելի չէ քաղաքական ներդրումի վերածել:


