ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՔԵՐՔԷ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը լուրջ մտահոգութիւններ ունի ոչ միայն Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքին, այլեւ` Եգիպտոսի եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին կացութեան առնչութեամբ:
CATEGORIES Լիբանանեան

