ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՄԱՆՍՈՒՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՍԱՌԵՑՄԱՆ ԴԷՄ ՔՈՒԷԱՐԿԵՑ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին Գահիրէի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական լիկայի արտակարգ նիստին, որ քննարկեց Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին Մանսուր մերժեց Արաբական լիկային կողմէ Սուրիոյ անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումը, որուն դէմ քուէարկեց` Լիբանանի անունով:

Լիբանանի դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Արաբական լիկան պէտք է Սուրիոյ օժանդակէ, որպէսզի ան կարենայ լուծել իր դիմագրաւած տագնապը եւ պահպանել իր ազգային միասնականութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Մանսուր ընդգծեց, որ այդ որոշումը ամբողջ շրջանը վտանգաւոր հետեւանքներու դէմ յանդիման պիտի դնէ եւ շատ աւելի պիտի բարդացնէ Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կայունութեան հաստատման հոլովոյթը:

Մանսուր դիտել տուաւ, որ Արաբական լիկային այս որոշումը կը հարուածէ արաբական միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը, շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ կասկածի տակ կ՛առնէ լիկային նկատմամբ վստահութիւնը:

ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔ

Արաբական լիկային մէջ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքին նկատմամբ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ բարձրացուեցաւ հակազդեցութեան ալիք մը, որմէ կը ներկայացնենք հետեւեալ նմուշները.

– Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Արաբական Լիկային մէջ Սուրիոյ անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումին գծով Լիբանանի կեցուածքը նկատեց ամօթալի եւ խոցելի: Ան նշեց, որ այդ կեցուածքը բոլոր լիբանանցիները չի ներկայացներ:

– Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Արաբական լիկային այս որոշումը կը նկատուի զգուշացում մը` դէպի վտանգի հանգրուան մուտք գործելու: Ան ողջունեց Մանսուրի կեցուածքը, որ կը մերժէր մեղսակցիլ Սուրիոյ դէմ սանձազերծուող ամերիկեան-իսրայէլեան դաւադրութեան:

– Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ դէմ Արաբական լիկային տուած որոշումին համար եւ շեշտեց, որ Մանսուր իր արտայայտած կեցուածքով գերագոյն դաւաճանութեան համազօր յանցանք մը գործած է:

– Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Արաբական լիկան իր այս կեցուածքով հաստատեց, որ ինք խտրութեան եւ բաժանումի հաստատութիւն է եւ ոչ թէ արաբները միասնականացնող հիմնարկ: Լահհամ պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Արաբական լիկան միշտ ալ ձախողած է իր ստանձնած պարտականութիւններուն մէջ: «Աստուած ողորմէ մեզի եւ Արաբական լիկային», ըսաւ Լահհամ պատրիարքը:

– Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Մանսուրի կեցուածքը կը համապատասխանէ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքական սկզբունքներուն. ան աւելցուց, որ Լիբանան Դամասկոսի մէջ իր դեսպանը տուն պիտի չկանչէ:

 

Share this Article
CATEGORIES