ԴՈԿՏ. ՄԱՐԱԼ ԿԻՏԱՆԵԱՆ ՓԱՐԻԶ ԿԸ ՄԵԿՆԻ
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան այսօր` երկուշաբթի, 14 նոյեմբեր 2011-ին, պիտի մեկնի Փարիզ եւ Լիւքսամպուրկ, ուր ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 14-էն 17 նոյեմբեր տեղի ունենալիք Եւրոպական-միջերկրականեան երկիրներու համագործակցութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին վիճակագրութեան մարզին վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան

