ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շաբաթավերջին այցելեց հիւսիսային Լիբանան, ուր ստուգեց լիբանանեան բանակին զօրամասերը:
Իր արտասանած խօսքին մէջ զօր. Քահուաժի անուղղակիօրէն պատասխանեց բանակին առաքելութիւնը կասկածի տակ առնող կողմերուն` շեշտելով, որ անոնց կասկածներն ու արձակած ամբաստանութիւնները անտեղի են եւ անճիշդ:
Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ բանակին դէմ կատարուած այս ցեխարձակումները քաղաքական պատճառներու վրայ հիմնուած են: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է եւ ճիգ չի խնայեր պաշտպանելու երկրին ցամաքային եւ ծովային սահմանները:
«Լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարութեան միակ նպատակը երկիրն ու քաղաքացիները ապահով պահելն է եւ անոնց անվտանգութեան հսկելը: Մենք կը մերժենք ներքին թէ արտաքին առումով նախապատրաստուող որեւէ սադրանք», ըսաւ զօր. Քահուաժի:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը մնայուն կերպով պիտի ծառայէ իր երկրին պահպանումին:

