ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՈՒԱՏԻ ԽԱԼԵՏ

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող անձնաւորութիւններ անցեալ շաբաթավերջին ուղղուեցան Ուատի Խալետ` հիւսիսային Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուող շրջանը:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող պատուիրակութեան մեկնակէտը եղաւ Թրիփոլիի մէջ գտնուող Մուսթաքպալ հոսանքին գրասենեակը:

Նոյն պատուիրակութիւնը նկատել տուաւ, որ իր նպատակն է այդ շրջանին մէջ ապաստանող սուրիացի գաղթականներուն այցելել, սակայն այդ առիթը վերածուեցաւ Լիբանանի կառավարութեան, Դիմադրութեան եւ սուրիական վարչակարգին դէմ ցեխարձակումներ կատարելու առիթի մը:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Մայրիներու յեղափոխութեան հետեւորդներու պատուիրակութիւնը նշեց, որ իր կատարած այդ այցելութիւնը քաղաքականացած չէ, այլ կը հետապնդէ զուտ մարդասիրական նպատակ, պատուիրակութեան անդամ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ նշեց, որ այդ մէկը հիւսիսային Լիբանան իր կատարած առաջին այցելութիւնն է` աւելցնելով, որ անիկա զուտ քաղաքական է:

Նշենք, որ Մարտ 14-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Ուատի Խալետի «Ռամի» դպրոցը, ուր կ՛ապաստանին 15 սուրիացի ընտանիքներ:

Պատուիրակութեան այցելութիւնը աւարտեցաւ օդին մէջ հրճուանքի իբրեւ արդիւնք արձակուած կրակոցներով` ողջունելու համար Արաբական լիկային մէջ Սուրիոյ անդամակցութիւնը սառեցնելու լիկային որոշումը:

Share this Article
CATEGORIES