ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան ուժերը կը պատրաստուին Հըզպալլայի հետ բռնկելիք հաւանական պատերազմի մը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Սուրիոյ քրիստոնեայ քաղաքացիները օրինակելի տիպարներ են սուրիացի այն քաղաքացիներուն, որոնք կը փափաքին ազատ ապրիլ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի կազմեց յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ լիբանանեան շուկային մէջ գտնուող արտադրութիւններու սակերը հակակշիռի տակ առնել, ինչպէս նաեւ այդ սակերը նուազեցնել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ արեւմտեան զինուորական միջամտութիւն կը նշանակէ Իսրայէլի դէմ պատերազմ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էլի Մարունի շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խոցելի է` աւելցնելով, որ իրենք կը զգան, թէ կրնան առեւանգուիլ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել նախագահեց ներքին ապահովութեան ուժերու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները: Շարպել նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ ապահովական հաւանական միջադէպերուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը կը միտին երկրին քաղաքական երկփեղկումը արտացոլել նաեւ ապահովական կայունութեան վրայ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք պոյքոթի ենթարկած է կառավարութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը, որովհետեւ ինք կը նախընտրէ մասնակցիլ այնպիսի ժողովներու, որոնք աւելի արդիւնաւէտ են եւ որոնց ընթացքին քննարկուին այնպիսի խնդիրներ, ինչպիսիք են առեւանգուողներուն թղթածրարն ու աշխատավարձերու յաւելման հարցը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման հարցին լուծումը ընթացքի մէջ է:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու թղթածրարը կարելի չէ լուծել` զայն խորհրդարան փոխադրելով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը գրաւ չէ, այլ` Լիբանանի փրկութեան ընտրանքը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ առեւանգուած իմամ Մուսա Սատըրի հարցը պաշտօնապէս պիտի հետապնդուի Լիպիոյ կառավարութեան կազմութենէն ետք:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական աղբիւրներ կոչ ուղղեցին կազմելու լիբանանեան ազգային միասնականութեան հզօր կառավարութիւն մը` դիմագրաւելու համար Լիբանանի սպառնացող արտաքին ճնշումները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ լուրջ աշխատանքներ կը տարուին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձին առումով:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ լիբանանեան բանակին դէմ շղթայազերծուած արշաւը, որ սկսած է յուլիսեան պատերազմէն ի վեր, կը շարունակուի` Լիբանանի մէջ միջազգային ուժեր տեղակայելու նպատակով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամի Ժեմայէլ մեկնեցաւ Թայլանտ` մասնակցելու համար Երիտասարդ խորհրդարանականներու համաշխարհային խորհրդաժողովին, որ կը վերաբերի բնակչութեան եւ բարեկարգումի հարցերուն:

