ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ 27 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ
Իրանեան զօրանոցի մը մէջ ուժգին պայթում մը 27 զոհ եւ առնուազն 16 վիրաւոր պատճառեց: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, բոլոր զոհերն ու վիրաւորները Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ են:
Պայթումը տեղի ունեցաւ, մինչ զէնքեր մայրաքաղաք Թեհրանին մօտ գտնուող պահեստանոցէ մը այլ վայր մը կը փոխադրուէին: Մօտակայ շէնքերու պատուհանները փշրուեցան եւ պայթումին ձայնը մինչեւ 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ լսուեցաւ:
Իրանեան իշխանութիւնները յայտնեցին, որ պայթումը արկածի մը հետեւանք է եւ անոր շուրջ կասկածելի որեւէ բան չկայ:
Նշենք, որ Իրանի մէջ նախապէս ալ տեղի ունեցած են պայթումներ, որոնց մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուած: Անցեալ տարուան հոկտեմբերին Հիւսիսային Լորեստան նահանգին մէջ Յեղափոխական պահակագունդին պատկանող զօրանոցի մը մէջ պայթում մը 18 զոհ պատճառեց:
CATEGORIES Միջազգային

