ՖԵՐՏԻՆԱՆՏ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ ՀԵՏ
«Ի. Էս. Փի. Էն.» մարզական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտ չի պատրաստուիր լքելու իր ակումբը, որովհետեւ կը կարծուի, որ ան նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ շուտով:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, այն կարծիքը կար, որ Թոթենհամ, ինչպէս նաեւ «Մէյճըր լիկ»ին մասնակցող շարք մը ամերիկեան ակումբներ իրենց կազմին միացնեն Ֆերտինանտը, որ մինչեւ 2013 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Անգլիոյ ախոյեանին հետ:
Նշենք, որ Ֆերտինանտ 2011-2012 տարեշրջանին Եունայթըտի հետ ցարդ կատարած է վեց մրցում:
CATEGORIES Մարզական

