ՓԵՆԵՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉ
Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պուլկարացի միջազգային նախկին յառաջապահ Լուպոսլաւ Փենեւ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ:
45 տարեկան Փենեւ այսպիսով յաջորդեց գերմանացի Լոթար Մաթէուսի, որուն պայմանագրութիւնը չնորոգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան Պուլկարիոյ համար չյաջողեցաւ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականներուն տոմս մը ապահովել:
Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Պորիսլաւ Միհայլով ըսաւ, որ Փենեւ յարմարագոյն անձն էր այդ պաշտօնին համար, որովհետեւ ան լաւապէս ծանօթ է երկրին ֆութպոլին եւ ֆութպոլիստներուն:
CATEGORIES Մարզական

