ԴԱՆԻՈՅ ՄԱՐԶԻՉ ՕԼՍԸՆ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՄԻՆՉԵՒ 2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԷՆ ԵՏՔ

Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Մորթեն Օլսըն իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2014-ի Մոնտիալէն ետք, յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը:

Սկզբունքով, 62 տարեկան մարզիչը Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն ետք պիտի լքէր իր պաշտօնը: Սակայն ֆետերասիոնին հետ ունեցած իր յատուկ հանդիպումէն ետք որոշեց խումբին հետ մնալ մինչեւ 2014-ի Մոնտիալէն ետք, անշուշտ եթէ Դանիա ապահովէ Պրազիլի իր տոմսը:

Ան Դանիոյ ֆութպոլի մարզիչ նշանակուեցաւ 2000-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES