ՔՐԻԼԻԱ ՍՈՎԵԹՈՎ 84 ՀԱԶԱՐ ՌՈՒԲԼԻ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ՀԱՇԻՒԻՆ
Ռուսական Քրիլիա Սովեթով ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ նախկին ֆութպոլիստ Կարապետ Միքայէլեանի դրամատնային հաշիւին փոխանցուեցաւ 84 հազար ռուբլի: Այս գումարը փոխանցուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Միքայէլեան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է սրտի փոխպատուաստումի ենթարկուի եւ անհրաժեշտ գումարը չունի իր տրամադրութեան տակ:
Ռուսական ակումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուեցաւ, որ այդ գումարը հաւաքուած է Թերեքէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ծախուած տոմսերուն գումարէն, ինչպէս նաեւ ակումբին մարզական պիտոյքներ ծախող խանութէն:
CATEGORIES Մարզական

