ԶԵՆԻԹԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ 25 ՀԱԶԱՐԱԿԱՆ ԵՒՐՈՅՈՎ

Life Sports կայքէջը հաղորդեց, որ ռուսական Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ ակումբը իր ֆութպոլիստները պարգեւատրեց 25 հազարական եւրոյով` նկատի ունենալով, որ անոնք Շախտիոր Տոնեցքի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին (Դ. հանգրուան) 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին:

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Զենիթ բարելաւեց իր դիրքը Է. խմբակին մէջ` ունենալով 7 կէտ:

Յաջորդ մրցումին, եթէ անիկա յաջողի յաղթել ՀԱՓՈՅԵԼ Կիպրոսի, պիտի ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, որ տեղի պիտի ունենայ փլէյ-օֆի դրութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES