ՌԻՊԵՐԻ Կ՛ՈՒԶԷ ՄՆԱԼ, ԻՍԿ ՕԼԻՉ` ՀԵՌԱՆԱԼ
Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Ֆրանք Ռիպերի, որ նախորդ տարի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2015, կ՛ուզէ երկար տարիներու վրայ պայմանագրութիւն ստորագրել իր ակումբին հետ` յայտնապէս գոհ մնալով իր կազմէն:
28 տարեկան Ռիպերի, որ 2007-ին միացաւ Պայէրնի, յայտնապէս գոհ է իր մարզիչէն ալ` նկատի ունենալով, որ մարզիկ-մարզիչ լաւ յարաբերութիւնն է, որ նոր պայմանագրութեան երկարաձգումին կ՛օժանդակէ:
Մինչ Ռիպերի այս յայտարարութիւնը կը կատարէ, անդին խրուաթ յառաջապահ Իվիքա Օլիչ կը մտադրէ լքել Պայէրնը` նկատի ունենալով, որ ընդհանրապէս նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ:
32 տարեկան Օլիչ, որ 2009-ին Համպուրկէն միացաւ Պայէրնի, իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ինք կ՛ուզէ իբրեւ ֆութպոլիստ դաշտ ներկայանալ եւ ոչ թէ հանգիստ ընել պահեստի նստարաններուն վրայ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը Պայէրնի հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ տարի:

