50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (15 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ՆՈՐ ՍՈՒՐԻԱՆ
Արեւելքի մէջ պետական մարդիկը շատ քիչ անգամ այնքան իրապաշտ եղած են, որքան` Սուրիոյ այժմու ղեկավարները: Սեպտեմբեր 28-ին յեղափոխութենէն հազիւ մէկուկէս ամիս անց, անոնք ոչ միայն կրցան ներքին կայունութիւն հաստատել, այլ նաեւ` արաբական դրացի երկիրներուն հետ տնտեսական ու քաղաքական բնականոն յարաբերութիւններու հաստատման հիմերը նետել:
Այն նոր ոգին, որ այսօր տիրապետող դարձած է Մերժէի սերային մէջ, ամէն յոյս կը ներշնչէ եւ հաւաստիք կու տայ, թէ Սուրիա շուտով պիտի վերագտնէ իր կենսական դիրքը Մերձաւոր Արեւելքի քառուղիին վրայ:
Տնտեսական լայն կարելիութիւններ ունեցող այս երկիրը, արաբական աշխարհի սրտին վրայ, կոչուած է ստանձնելու դեր մը, որ ի հնուց անտի իրը եղած է` Օմայատներու փառքին յիշատակովը:
Հինէն ի վեր Սուրիա եղած է օրրանը արաբական ազգայնականութեան: Վերջին քսան տարիներու ընթացքին արաբական աշխարհը յուզող ու փոթորկող բոլոր գաղափարները մեկնած են Պարատայի ափերէն, ուր արաբական մեծութեան կարօտը կ՛այրէ բոլոր իրաւ հայրենասէրներու հոգին:
Սուրիան մէկն է արաբական այն երկիրներէն, որոնք արեան գնով տիրացան իրենց անկախութեան, տարիներով պայքարեցան օտար բռնակալութեան դէմ եւ ի վերջոյ դարձան առաջնորդը արաբական աշխարհին:
Անկախութեան պայքարի ճամբուն վրայ ինկած հանանոներու եւ ճապրիներու ոգին Սուրիան այսօր եւս դրած է իր պատմական առաքելութեան ճամբուն մէջ` իբրեւ հանդիպման վայրը արաբական աշխարհի բոլոր անկիւններէն մեկնող ճամբաներուն:
Սուրիոյ այժմու ղեկավարները, քաղաքային թէ զինուորական, լրիւ ըմբռնումովը իրենց երկրի արաբական կոչումին, մտած են ճամբու մը մէջ, որ անպայմանօրէն Սուրիան պիտի տանի պատմական իր երբեմնի մեծութեան եւ փառքին:
Ինքնավստահ եւ խոր հայրենասիրութեամբ տոգորուն` անոնք հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ լծուած են տենդագին աշխատանքի մը` լուծելու համար բոլոր առկախ խնդիրները` ներքին թէ միջարաբական ճակատներուն վրայ:
Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն առաջին գործը եղաւ իրենց տնտեսական յարաբերութիւնները կանոնաւորել դրացի երկիրներուն հետ: Անմիջապէս նայուածքները սեւեռեցան Պաղտատի վրայ, ուր բարեացակամ ձայներ կը լսուէին: Ու նմանը չտեսնուած արագութեամբ մը սուրիական տնտեսական առաքելութիւն մը կրցաւ իրաքեան իշխանութիւններուն հետ կնքել համաձայնութիւն մը, որ լայն հեռանկարներ կը բանայ ոչ միայն իրաքեւսուրիական յարաբերութեանց, այլ նաեւ սահմանակից բոլոր երկիրներու առեւտրական փոխանակումներուն համար, յատկապէս` տարանցիկ առեւտուրի մարզին մէջ:
Քանի մը օրէն նոյն պատուիրակութիւնը կը մեկնի Ամման, ուր եւս նոյնքան բարեացակամ տրամադրութիւն ցոյց կը տրուի Սուրիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու համար: Վստահ ենք, որ սուրիացի եւ յորդանանցի բանագնացները նոյնքան արագ պիտի կրնան համաձայնութեան մը յանգիլ:
Կը մնայ Լիբանանը: Պէյրութի մէջ Առեւտրական եւ Ճարտարարուեստական գրասենեակները այժմէն իսկ պատրաստութիւններ կը տեսնեն դիւրացնելու համար Պէյրութի իշխանութեանց գործը` լիբանեւսուրիական տնտեսական բանակցութիւններու համար:
Կասկած չկայ, թէ անխտիր արաբական միւս երկիրներուն հետ եւս նոյն բնականոն յարաբերութիւնները պիտի վերահաստատուին շուտով:
Երբ այս շրջանակը ամբողջանայ եւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատուին Սուրիոյ եւ սահմանակից արաբական երկիրներու միջեւ, Դամասկոսի ղեկավարները կատարած պիտի ըլլան հիմնական գործ մը` ի խնդիր արաբական այն մեծ միութեան, որուն ջերմ պաշտպաններն են:
Մինչ այդ, անոնք լծուած են իրենց երկրին ներքին գործերը կարգի դնելու կենսական աշխատանքին, որուն առաջին արտայայտութիւնն է վերջերս կնքուած ազգային ուխտը:
Բայց այս մասին` յաջորդով:

