ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 2010-2011 կրթական տարեշրջանի լիբանանեան պաքալորէայի պետական քննութիւններուն հայկական վարժարաններուն մէջ Մեսրոպեան վարժարանը այս տարի եւս արձանագրած է գնահատելի եւ պատուաբեր արդիւնքներ:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ընդհանուր գիտութեան մէջ առաջինը հանդիսացած է մեր վարժարանէն Սագօ Հալլաճեանը, իսկ գրականութեան բաժինին մէջ` Ռիթա Ֆերմանեանը: Նաեւ կենսաբանութեան բաժինին մէջ «լաւ» յիշատակութեան արժանացած է Փաթիլ Մարսիմը:

Արդիւնքները հաստատուած են ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան կազմակերպուած պաքալորէայի գերազանց նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութեան ընթացքին, որ քաջալերական եւ մեծապէս գնահատանքի արժանի աւանդութեան վերածուած ձեռնարկ մըն է:

Այս առիթով վարժարանի տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ ուսուցչական կազմը, ծնողներն ու աշակերտները, որոնց գործակցութեամբ, նուիրումով եւ հաւաքական աշխատանքով կարելի եղած է բարձր պահել Մեսրոպ Մաշտոցի շունչով գործող Մեսրոպեան վարժարանը` բարձրագոյն ու բարձրորակ ուսման եւ հոգեւոր ու հայեցի դաստիարակութեան ջամբման հայաշունչ կառոյցը:

***

Լիբանանահայ կառոյցներուն եւ հոգեւոր կեդրոններուն ծանօթանալու աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ, երկուշաբթի, 7 նոյեմբեր 2011-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին անդամները, ընկերակցութեամբ խորհրդատու դասատու Րաֆֆի Տեմիրճեանին, այցելեցին Զմմառու վանք, ուր ծանօթացան մատենադարանին, թանգարանին եւ գինեգործարանին:

Աշակերտներուն ընկերակցեցաւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ Զմմառու մէջ գործող հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւններուն մասին փոխանցեց պատմական եւ ամբողջական տեղեկութիւններ: Ան շեշտեց, որ Զմմառու վանքին մէջ կը գտնուին բազմաթիւ արխիւներ, որոնք պէտք է քննութեան առարկայ դառնան, եւ որոնց մէջ գտնուած տեղեկութիւնները ոչ միայն հայ կաթողիկէ համայնքին կը վերաբերին, այլ` համայն հայութեան խնդիրներուն մասին փաստեր եւ տուեալներ կը փոխանցեն:

Նարեկ վրդ. Լուիսեան կոչ ուղղեց աշակերտութեան` տէր կանգնելու հայութեան դարաւոր ժառանգութեան եւ պահպանելու ժողովուրդին հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւնները:

Աշակերտական խմբակին այս այցելութիւնը էապէս ծառայեց իր նպատակին, որովհետեւ արձակուրդի օրը վերածուեցաւ դաստիարակչական գիտելիքներ ստանալու շահեկան, օգտաշատ եւ միեւնոյն ատեն հաճելի պահի մը:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES