Ս. ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳ. ՔՈԼԷՃԻ Ե.- Թ. ԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԺԵՀԻԹԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2011-ին եւ չորեքշաբթի, 9 նոյեմբերին Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճի Ե.-  Թ. կարգի աշակերտները, որոնք իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ` իրենց քաղաքացիական պարտքը նկատեցին այցելել Լիբանանի «Հրաշք Ժեհիթա» քարայրը, որ տարիներ շարունակ հիացուցած է բազմահազար զբօսաշրջիկներ: Այս այցելութեամբ անոնք հաստատեցին, որ իրենք իսկական քաղաքացիներ են այս երկրին, ուր կ՛ապրին, եւ որուն հաւատարիմ զաւակներն են:

Աշակերտները հմայուած եւ հիասքանչ աչքերով դիտեցին աշխարհի նոր հրաշալիքներէն մին դառնալու թեկնածու հանդիսացած Ժեհիթան` իր վերին եւ ներքին քարայրներով, ինչպէս նաեւ իրենց քուէարկութեամբ փորձեցին ներդրում մը ունենալ այս գործընթացի յաջողութեան մէջ:

Տեղին է նշել, որ Խանամիրեանի աշակերտները, իբրեւ հայ եւ իբրեւ լիբանանցի աշակերտներ, իրենց կեցուածքով եւ լրջութեամբ ուշադրութիւն գրաւեցին մանաւանդ` օտար զբօսաշրջիկներու մօտ եւ արժանացան անոնց գնահատանքին:

Share this Article
CATEGORIES