ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐԱՆԷՆ ՍՈՒՐԻԱ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ՕԴԱՆԱՒ ՄԸ ԿԸ ԽՈՒԶԱՐԿԷ
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը զէնք փոխադրելու կասկածներու հիմամբ Իրանէն Սուրիա ուղղուող օդանաւի մը ստիպած է էջք կատարել Տիգրանակերտի օդակայանը:
«Իլիուշին Իլ-76 Թի.Տի.» տիպի բեռնատար օդանաւը Թուրքիոյ օդային տարածք մտնելուն պէս թրքական կողմին պահանջով էջք կատարած է Տիգրանակերտի օդակայան, որմէ ետք օդանաւը խուզարկումի ենթարկուած է:
Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները նոյն կասկածներէն մղուած Իրանէն Սուրիա ուղղուող «Անթոնով» տիպի բեռնատար օդանաւի մը եւս ստիպած էին էջք կատարել Տիգրանակերտի օդակայան: 14 ժամ տեւած խուզարկութենէ ետք ոչինչ յայտնաբերուած էր, եւ օդանաւին արտօնուած էր դէպի Սուրիա իր թռիչքը շարունակել:
CATEGORIES Միջազգային

