«ԱՐՏԱՔԻՆ ԴԱՒ ՄԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Համատ Պըն Իսա Ալ Խալիֆա թագաւորը

Պահրէյնի Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա թագաւորը յայտնեց, որ իր թագաւորութեան դէմ օտար դաւ մը ձախողութեան մատնուած է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ծոցի դրացի երկիրներէն Պահրէյն ուղարկուած ուժերուն:

Պահրէյնի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պահրէյնի թագաւորը պահրէյնցի զինուորներուն յայտնեց, որ «20-30 տարիէ ի վեր արտաքին դաւ մը կը նիւթուէր, մինչեւ որ իշխանութեան տապալման ենթահողը հասուննայ® Ես այստեղ հրահրուած դաւին ձախողութիւնը կը յայտարարեմ»:

Պահրէյնի թագաւորը նշեց, որ եթէ այդպիսի դաւ Արաբական ծոցի երկիրներէն մէկուն մէջ յաջողէր, դրացի երկիրներուն մէջ կը տարածուէր:

Share this Article
CATEGORIES