ՀՐԱՊՈՒՐԻՉ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Մենք Հայաստան մեկնեցանք իբրեւ կամաւորներ` յոյս ունենալով որոշ բանով մը մեղմելու այդ երկրի բնակարանային տագնապը: Մենք նաեւ զբօսաշրջիկներ էինք, բայց` քանի մը օրով միայն: Մենք յոյս ունէինք, որ աշխատանքի եւ հանգիստի այս համադրութիւնը մեզի հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ խոր կերպով հասկնալու այս բարդ երկիրը, որ նոր կը սկսի յայտնուիլ աշխարհի զբօսաշրջային քարտէսին վրայ:
Ես այն 10 քանատացիներէն մէկն էի (27-83 տարեկան), որոնք 17 օրով Հայաստան կը գտնուէին «Մարդկութեան համար բնակավայր, Քանատա»ի (Հապիթաթ ֆոր Հիւմանիթի) գիւղական համաշխարհային ծրագիրի ծիրին մէջ: Մեր աշխատանքին մեծ մասը անցուցինք հիւսիս-արեւելեան Տաւուշի մարզին մէջ, երկու կիսակառոյց տուներ աւարտելով: Տաւուշը վայր մըն է` գործազրկութեան բարձր մակարդակով, նախնական գիւղատնտեսութեամբ եւ չքնաղ լեռնային տեսարաններով, կարծէք` «Սաունտ աֆ միւզիք» շարժանկարէն ուղղակի դուրս եկած է:
Աշխատանքէն անկախ, մեր շրջագայութիւնը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ եւ շրջակայքը: Իր օփերայի շէնքով, փողոցներով, շուկաներով, պետական պերճաշուք շէնքերով քաղաքը կրնար Եւրոպայի որեւէ վայրի մէջ ըլլալ: Փաստօրէն ծովու վրայ ելք չունեցող Հայաստան կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր Եւրոպա եւ Ասիա կը հանդիպին: Ան մատչելի, անցանելի է Վրաստանէն եւ Իրանէն, բայց վէճերը, հակամարտութիւնները իր սահմանները Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ փակ կը պահեն, անոնց իսկ կողմէ կնքուած: Զբօսաշրջիկները, զորս Երեւանի մէջ տեսանք, հիմնականին մէջ ուսապարկերով տեսակներէն էին, եւ ժամանած` Եւրոպայէն, Ռուսիայէն եւ աշխարհի մէջ տարածուած հայկական սփիւռքէն: Շատեր կառքով պտոյտներ ըրին, այցելեցին պատմական եւ մշակութային վայրեր, ներառեալ` համաշխարհային ժառանգութեան մաս կազմող երեք յուշարձաններ:
Լոնտոնէն գիշերային օդանաւային թռիչքով ժամանելով` մենք դիմաւորուեցանք Արարատի տեսարանով, քարքարոտ , ժայռոտ լեռ մը, որ կը փայլփլէր լուսաբացին լոյսին ներքեւ: Նոյեան տապանի առասպելական վայրէջքի տեղը` Արարատ, Հայաստանի ազգային խորհրդանիշն է, եւ անոր անունով կը կոչուին դրամատուն մը եւ քոնեաքի գործարանը: Թէեւ երկինքը պայծառ եղած ատեն տեսանելի է Երեւանէն, Արարատ լեռը ամբողջութեամբ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ:
Մենք վայրէջք կատարեցինք 28 մայիսին, որ ազգային տօն է` պատուելու համար Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք Հայաստանի կարճատեւ անկախութիւնը Թուրքիայէն: Երկրորդ տօնը, որ կը նշուի 21 սեպտեմբերին, կը նշանաւորէ Հայաստանի անկախացումը Խորհրդային Միութենէն, 1991-ին:
Արարատ լերան հետ անկախութեան զոյգ օրերը վառ, կենդանի կը պահեն յիշողութիւնները հայկական հնագոյն թագաւորութեան մասին, որ անհամեմատ աւելի ընդարձակ եղած է, քան` այսօրուան Հայաստանը:
Այս ազգին պատմութեան` անցեալի եւ ապագայի իր տեսլականին մէջ կեդրոնական դեր ունեցած է կորուստը մէկուկէս միլիոն հայերու, օսմանեան Թուրքիոյ մէջ: Տեղահանումներն ու ջարդերը, որոնք սկսան 1915-ին, կը յիշուին Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի նկարներուն եւ փաստաթուղթերուն միջոցով: Թանգարանը սրբավայրի տպաւորութիւնը կը ձգէ: Մեր ուղեկցորդը մեզի յիշեցուց, որ Քանատա այն երկիրներէն է, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ուրիշներ, որոնց շարքին` Թուրքիա, չեն ճանչցած:
Ազգային ինքնութեան միւս կարեւոր կողմը, փորձաքարը կրօնն է: Հայաստան կը պարծենայ անով, որ աշխարհի մէջ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունած առաջին պետութիւնը եղած է:
Կիրակի առաւօտ մը մեր խումբը այցելեց Հայաստանի մայր տաճար` Էջմիածին, որ ըստ աւանդութեան, կառուցուած է Ս. Գրիգորի տեսիլքին մէջ երեւցած վայրին վրայ:
Արարողութիւնը գունագեղ էր, յատուկ
զգեստաւորուած եւ թագադրուած կղերականներով, եկեղեցական երգչախումբով եւ երփներանգ վարագոյրով, որ բացուեցաւ եւ փակուեցաւ: Զբօսաշրջիկները, որոնք թիւով գրեթէ աւելի էին տեղւոյն հաւատացեալներէն, ատոր հետ վարուեցան իբրեւ թատրոնի` արարողութիւնը նկարելով:
Կրօնական միւս կայքերը, ուր մենք շրջագայեցանք, դարաւոր եկեղեցիներ եւ վանքեր, այժմ թանգարաններ են: Փոքր չափով, բայց ամրօրէն կառուցուած քարէ կաղապարներով, անոնք կը յիշեցնեն երկրի կրօնական անցեալին մասին: Զուարթնոցի զանգուահեղ տաճարը մինչեւ հիմա տակաւին յուզմունք կը ներշնչէ, եթէ նոյնիսկ քանդուած է քանի մը դար առաջ` կանգուն պահելով միայն շրջանակաձեւ սիւները:
Սեւանայ լիճի կապոյտ ջուրերուն նայող վանքը, որ թառած է բլուրի մը վրայ, լաւագոյն մրցանակը կը ստանայ համայնապատկերային դիրքի, նիստի: Գեղարդը, կարճուկցած, անարատ, թեքած գահաւանդով, ամէնէն տպաւորիչն է: Անոր գերեզմանատունը (կերտուած `ժայռին մէջ), այնպիսի անհաւատալի լսողական, ձայնային յատկանիշ մը ունի, որ մեր խումբէն երկու անձեր ինքնաբերաբար երգեցին «Սո՜ւրբ, սո՜ւրբ, սո՜ւրբ»ը:
Մեր շրջապտոյտին աշխատանքային մասը կեդրոնացած էր Տաւուշի մարզի կեդրոն Իջեւան քաղաքին մօտ: Շրջանը դժուար, ծանր ժամանակներ կ՛ապրի: Քաղաքի երբեմնի հպարտութիւնը եղող շատրուաններով եւ գեղատեսիլ կանաչապատ հանրային պարտէզը ներկայիս ժանգոտող խողովակներով ամայի տարածք է` մոլախոտով ծածկուած:
Նոյնիսկ մեր միօրեայ շրջագայութիւնը այս վայրին մէջ չարքաշ գործ էր: Լաստիվերի մէջ մենք տեղացի ուղեկցորդի մը հետ ճամբայ ելանք «երեք քիլոմեթր քալել» ծրագիրի հիմամբ: Փոխարէնը մենք մեզ գտանք դժուարանցանելի, ցեխոտ արահետի մը վրայ, անդունդի մը եզրին, որ կը գահավիժէր դէպի արագ թաւալող գետ մը: Վտանգաւոր էր, բայց` արժանի: Տեսարանները բացիկի կատարելութիւն ունէին, եւ մենք հասանք քարայր մը, ուր առաջին քրիստոնեաները ժայռի պատին վրայ խորան մը փորագրած, քանդակած էին:
Տաւուշի մէջ է, որ մենք հնարաւորութիւն ունեցանք աւելի սերտ յարաբերելու: Հայաստանի ժողովուրդին հետ: Տուներուն մեծ մասը, ուր մենք եղանք, ունէին արբանեակային պատկերասփիւռ- համացանց եւ տունէն դուրս գտնուող արտաքնոց: Մեր խումբը շատ ժամանակ տրամադրեց այս առաջնահերթութիւնները, գերակայութիւնները քննարկելու (եթէ ես այսօր երեխաներ մեծցնէի, նոյնպէս դիմագիրքը (ֆէյսպուք) եւ կուկըլը կը նախընտրէի տան ներսի արտաքնոցէն:
Այստեղ մենք ականատես եղանք ընտանիքներու տնտեսական պայքարին: Մեր խումբը եկած էր այդ ընտանիքներուն օգնելու: Առաջին տան մէջ մեր ներկը սպառեցաւ, որովհետեւ ծնողները իրենց ամբողջ գումարը ծախսած էին հիւանդ երեխայի բուժման համար: (Կրկին ընտրանք մը, որ ես եւս պիտի ընէի):
Երբ մեր աշխատանքը աւարտեցինք երկրորդ տան մէջ, տանտէր Կամոն շնորհակալութիւն յայտնեց` մեզ կրկին ներս հրաւիրելով: Ան մեզ բոլորս հիւրասիրեց հայկական քոնեաքով, ապա համբուրեց բոլորիս այտերը:
Ասիկա այնպիսի պահ մըն էր, որ մենք բնաւ չէինք զգար, եթէ Հայաստանի մէջ միայն իբրեւ զբօսաշրջիկներ ըլլայինք:
ՏՈՒԿԼԸՍ ՄԵՔԱՐԹԸՐ
«Տը Կլոպ էնտ մէյլ»

