ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ, ԱՌԱՋԻՆ 20 ՏԱՐԻՆԵՐԸ` ՏԸ-ՖԱՔԹՕ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ կամ Արցախ, ինչպէս դարեր շարունակ անուանած են հայերը) համար 2011 թուականը նշանաւորուեցաւ Խորհրդային Միութենէն անոր անկախացման 20-ամեակով:

Արցախի ժողովուրդը, հակառակ տարբեր տեղական յատուկ մարտահրաւէրներուն, ըրած է ընտրութիւնը ազատ եւ ժողովրդավարական զարգացման, բան մը, որ նախապէս չէր լսուած համայնավարական ճնշող ամբողջ ժամանակաշրջանին: Արցախի ազատատենչ ժողովուրդը հետեւեցաւ այն ատեն ուժի մէջ եղող (այսինքն` խորհրդային) օրէնսդրութեան եւ միջազգային օրէնքի չափանիշներուն եւ քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան` 10 դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցած հանրաքուէով (ճիշդ երկու շաբաթ առաջ Խորհրդային Միութեան օրինական անհետացումէն, ձգելով իր ժառանգը կամայական որոշումներու):

Լեռնային Ղարաբաղի ամէնէն ծանր, դժուար մարտահրաւէրներէն մէկը, իր գերիշխանութեան վերահաստատումէն ետք, եղած է համոզել Արցախի ազատութեան ընդդիմացողները, առաջին հերթին` դրացի Ազրպէյճանը, որ 1991-էն ի վեր աշխարհը փոխուած է, եւ թէ` ապագաղութացման հոլովոյթներ աւելի հեզասահ տեղի կ՛ունենան համարժէք արձագանգովը առանձին քաղաքական-վարչական միաւորի նախկին անդամներուն: Դժբախտաբար նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու քանի մը մայրաքաղաքներ կը մերժեն ընդունիլ նոր իրականութիւնները եւ կը փայփայեն մասնակի եւ ընտրովի պահպանումը Ստալինի տխրահռչակ արարքին:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ բարդ եւ թշնամական, որ կը խոչընդոտէ ամբողջ շրջանի համակողմանի զարգացումը եւ կը խախտէ Հարաւային Կովկասի կայունութիւնն ու ապահովութիւնը:

Իրավիճակը պատշաճ եւ անկողմնակալ հասկնալու, հետեւաբար մնայուն խաղաղութեան հաստատման համար չափազանց կարեւոր է փաստերու ճիշդ, ուղիղ սահմանումը:

Լեռնային Ղարաբաղը պատմականօրէն եւ իրաւական առումով եղած է հայկական հնագոյն իշխանութիւններէն («Ղարաբաղ» պարսկական արմատ ունի եւ «սեւ պարտէզ» կը նշանակէ): 1918-1920 թուականներուն Հարաւային Կովկասի երկիրներու (Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճան) կարճատեւ անկախացման շրջանին Ազգերու լիկան հրաժարած էր ճանչնալէ նոր ստեղծուած Ազրպէյճանը, անոր դիւրաբեկ պետականութեան, ինչպէս նաեւ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Վրաստանի նկատմամբ հողային պահանջներու, մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ պահանջին պատճառով, յայտարարելով, որ «դրացի երկիրներու հետ սահմանային վէճերը հնարաւորութիւն չեն տար յստակ որոշելու Ազրպէյճանի սահմանները»: Այսպիսով, չափազանց կարեւոր է շեշտելը եւ միտք պահելը, որ 1918-1920 թուականներուն միջազգային հանրութիւնը, մասնաւորաբար` Ազգերու լիկան, չէ ճանչցած Ազրպէյճանի իշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ:

Շրջանի խորհրդայնացումէն ետք, 1921 թուականին, պոլշեւիկեան կառավարութիւնը Եոսեֆ Ստալինի ղեկավարութեամբ, բռնի եւ ապօրինի կերպով հայաբնակ Լեռնային Ղարաբաղը տեղակայեց Խորհրդային Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ` ստեղծելով ինքնավար մարզ, որ ուժի մէջ մնաց յաջորդող տասնամեակներուն: Կորպաչովի կողմէ 1985 թուականին քաղաքական վարչակարգի ազատականացման մասին յայտարարութենէն ետք ժամանակաշրջանը փերեսթրոյքա եւ կլասնոստ անուանելով, 1985-ին Ղարաբաղի ժողովուրդը ուզեց օրինական կերպով վերամիանալ Հայաստանին եւ սրբագրել անցեալի սխալները: Ազրպէյճան, սակայն, ատոր պատասխանեց 1988-1991 թուականներու հակահայկական ջարդերով` փոկրոմներով: Արդարեւ, Արցախէն հարիւրաւոր մղոններ հեռու` Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի (Գանձակ, Ա.), Մինկեչաուրի մէջ կազմակերպուեցան հայկական ջարդեր, իսկ Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջովին շրջափակուեցաւ, բան մը, որ դատապարտուեցաւ միջազգային հանրութեան կողմէ: Ան նաեւ խաղաղ հոլովոյթը վերածեց կողմերու միջեւ լայնածիր ճակատումի, որ խլեց հազարաւոր կեանքեր եւ տակաւին կը շարունակէ տիրապետող ըլլալ, իւրաքանչիւր առումով ողողել Պաքուի վերաբերմունքը Ստեփանակերտի հանդէպ: Եւ զանգուածային լրատու միջոցները, ինչպէս միշտ պատերազմի դաշտեր են:

Վերադառնալով խնդրի իրաւական եւ քաղաքական կողմերուն` կարեւոր է ընդգծել, որ 1991 թուականին Ազրպէյճան ընդունեց պետական անկախութեան մասին հռչակագիր` ինքզինք նկատելով 1918-1920 թուականներու Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան յաջորդը` այսպիսով մերժելով Խորհրդային Ազրպէյճանի իրաւական եւ քաղաքական ժառանգութիւնը, որուն շարքին` խորհրդային շրջանի իշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի նկատմամբ: Իսկ ինչպէս վերը նշուեցաւ, Ազգերու լիկան 1918-1920 թուականներուն չէր ճանչցած Ազրպէյճանի իշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ:

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հողային, տարածքային վէճ բնաւ չէ եղած, ինչպէս յաճախ կը փորձէ ներկայացնել Պաքուն` աղաւաղելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 1993 թուականին ընդունուած չորս համապատասխան բանաձեւերու բովանդակութիւնն ու մեկնաբանութիւնները:

Իրականութեան մէջ առճակատման իրաւական էութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած հիմնարար սկզբունքներու` ժողովուրդներու հաւասարութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ծիրին մէջ է: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի 1988 թուականի փետրուարին Հայաստանի հետ վերամիանալու մասին խաղաղ դիմումը խորհրդային կառավարութեան եւ 1991 թուականի Ղարաբաղի անկախութեան մասին հռչակագրի ընդունումը ժողովուրդին կողմէ փորձ էր օգտուելու ինքնորոշման իր իրաւունքէն եւ տէրը ըլլալու իր ճակատագիրին:

Մարդկային իրաւունքներու համընդհանուր սկզբունքներու եւ միջազգային ու ներքին (իմա.` խորհրդային) իրաւական չափանիշներու համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը եւ Շահումեանի շրջանի պատգամաւորներու խորհուրդը 1991 թուականի դեկտեմբեր 10-ին հանրաքուէի միջոցով հաստատեցին իրենց ընտրութիւնը եւ անկախութիւն հռչակեցին: Այն ատեն գործող խորհրդային օրէնսդրութիւնը, մասնաւորաբար «Օրէնք ՍՍՀՄ 3 ապրիլ 1990, վերաբերեալ` խորհրդային հանրապետութեան մը անջատումը ՍՍՀՄ-էն» նկատի ունէր անջատումի իրաւունքը միութեան հանրապետութիւններուն եւ ինքանավար մարզերուն: Այսպիսով, 1991 թուականին նախկին Խորհրդային Ազրպէյճանի տարածքին մէջ հռչակուեցան գերիշխան Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

Ազրպէյճան պատասխանեց լայնածիր ռազմական յարձակումով` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ: Ազերի հազարաւոր կանոնաւոր ուժեր, աֆղան մուճահետիններ եւ այլ ուժեր, միացած` միջազգային ահաբեկչական տարբեր կազմակերպութիւններու, նոյնպէս կռուեցան բնիկ հայերու դէմ: Ի վերջոյ, Պաքու չկրցաւ նուաճել Արցախը եւ ստիպուած էր խնդրելու զինադադար, որուն վերաբերեալ համաձայնագիրը 1994 թուականի մայիսին միասնաբար ստորագրուեցաւ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կողմէ:

Հակամարտութիւնը իսկապէս կործանարար էր: Տասնեակ հազարաւոր զոհեր, տարածքային կորուստներ, գաղթականներու փոխադարձ հոսք եւ խորացող անվստահութիւն. ասոնք են ուղղակի հետեւանքները 1991-1994 թուականներու պատերազմին:

Իր պատասխանատուութիւնը մերժելու եւ միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու ջանքերու ծիրին մէջ Ազրպէյճան մնայուն կերպով կը բողոքէ «իր հողերու բռնագրաւում»ին դէմ` յաճախ վկայակոչելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը: Հարկ է սակայն նշել, որ այդ բանաձեւերէն եւ ոչ մէկը Հայաստանը իբրեւ յարձակող կը յիշատակէ, որովհետեւ հակամարտութիւնը եղած է Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ:

Յիշատակուած բանաձեւերը կոչ կ՛ընէին ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ազրպէյճանական կողմերուն` «ձեռնպահ մնալ. թշնամական արարքներէ եւ որեւէ միջատմութենէ, որոնք կրնան յանգեցնել հակամարտութեան խորացման եւ կը վտանգեն շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը»: Պաքու յարձակողապաշտ կեցուածքը եւ շարունակուող սադրանքը բազմիցս վկայակոչուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի այն ժամանակուան համանախագահներուն կողմէ: Օրինակ, 1992-1996 թուականներուն Մինսքի խմբակին մէջ Ռուսիոյ պատուիրակը` դեսպան Վլատիմիր Քազիմիրով, բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, որ վրէժխնդիր Ազրպէյճան միշտ պատասխանատու եղած է ՄԱԿ-ի բանաձեւերու խախտումին եւ միջազգային խաղաղարար ջանքերու խափանումին: Այս գրութիւններէն մէկուն մէջ դեսպան Քազիմիրով վերահաստատած է, որ բոլոր 4 բանաձեւերը որդեգրուած են ռազմական գործողութիւններու գագաթնակէտին (ապրիլէն նոյեմբեր 1993): Այդ պատճառով ալ բնական է, որ իրենց հիմնական պահանջը զինադադարը, ռազմական գործողութիւններու եւ թշնամական առարքներու դադրեցումն էր: Այդ ընթացքին եւ հետագային, մինչեւ մայիս 1994, աւելի քան տարի մը Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը յամառօրէն անտեսեց բոլոր 4 բանաձեւերուն պահանջները եւ շարունակեց գրաւ դնել բռնի լուծումներու վրայ` շատ անգամ խախտելով զինադադարը, շեղեցաւ հակամարտութեան լուծման վերաբերող համաձայնագիրներէն եւ խաղաղարար նախաձեռնութիւններէ… Ասիկա ամէնէն ուղղակի առնչութիւնը ունի պատերազմի ծանր հետեւանքներուն, ինչպէս` տարածքներու գրաւում, տեղահանուածներու թիւի աճ, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի ղեկավարութեան խիղճին, այլ ոչ միայն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ»:

Այլ մէջբերում մը եւրոպացի պաշտօնատարէ մը պատկերը շատ աւելի յստակ կը դարձնէ: Ռազմական գործողութիւններու ժամանակաւոր յաջողութիւններէն խելագարած (ազերի բանակը ատոր հասած էր Աֆղանիստանէն, Փաքիստանէն եւ այլ վայրերէ վարձկաններու օգնութեամբ)` Պաքու վճռական էր «լուծելու» հարցը միանգամընդմիշտ, ազերի կառավարութեան երեւակայած միակ ձեւով. Ղարաբաղի մէջ սպաննել ամէն եւ իւրաքանչիւր հայ:

Մարիօ Ռաֆայէլի` Մինսքի խորհրդաժողովին (Մինսքի խմբակի նախընթացը) նախագահը, 23 սեպտեմբեր 1993-ի իր նամակին մէջ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ժոզեֆ Մորաւէիքին գրեց. «Ազրպէյճանի շարունակուող գործողութիւնները, տուեալ տարածքը իր վերահսկողութեան տակ առնելու նպատակով, անհամատեղելի են տագնապին խաղաղ լուծում փնտռելու երկրի պարտաւորութիւններուն հետ:… Մինսքի խմբակը ինչպէ՞ս կրնայ լուռ եւ հանգիստ շարունակել բանակցութիւնները, երբ այդ բանակցութեանց բուն առարկան ի վերջոյ կ՛անհետանայ: Այն պարագային, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկողութիւնը վերադարձուի այդ երկրին (Ազրպէյճանի, Ա.) ռազմական գործողութեան արդիւնքով, ի՞նչ կը մնայ բանակցութեանց համար»:

Խնդրի էութիւնն այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ոչ մէկ ընդհանուր բան ունի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան հետ (իրաւական նախորդի միակ անկախ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, 1918-1920, որ ինչպէս վերը նշուած է, բնաւ չէ ընդգրկած Լեռնային Ղարաբաղը): Անոնց համար, որոնք կը հրաժարին ընդունիլ շրջանային իրողութիւնները եւ Արցախի գերիշխան գոյութիւնը, միջազգային հանրութիւնը բազմիցս հաստատած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման իր տեսլականը, որ պէտք է հիմնուի միջազգային իրաւունքի երեք գլխաւոր եւ հաւասար սկզբունքներու վրայ` ժողովուրդներու ինքնորոշում, պետութիւններու հողային ամբողջականութիւն եւ ուժի կամ ատոր սպառնալիքի չկիրարկում:

Սակայն Արցախ վերապրեցաւ, գոյատեւեց եւ 1991 թուականին իր անկախութեան հռչակումէն ետք կ՛ամրապնդուի իբրեւ ժողովրդավարական արդիւնաւէտ կառավարման համակարգ ունեցող պետութիւն` գործուն քաղաքացիական հասարակութեամբ եւ շուկայական բարգաւաճող, զարգացող տնտեսութեամբ: Տեղական բարեկարգումները ստեղծած են բարենպաստ միջավայր առեւտրական գործունէութեան համար եւ ներգրաւած են օտարերկրեայ բազմամիլիոննոց ներդրումներ: Աւելի քան 130 միլիոն տոլար ներդրուած է յունուարին, Արցախի համեմատաբար փոքր տնտեսութեան մէջ: Հանքարդիւնաբերութիւնը, հաղորդակցութեանց միջոցները, շինարարութիւնը, ուժանիւթը, զբօսաշրջութիւնը, սնունդի վերամշակումը, գիւղատնտեսութիւնը առաւել գրաւիչ մարզեր են Արցախի մէջ:

2011 թուականին Արցախ այցելողներուն թիւը անցաւ 20 հազարը: Ղարաբաղի տնտեսութիւնը կը շարունակէ ցոյց տալ կայուն աճ, շուրջ` 5 առ հարիւր, համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամէն ետք:

Այսպիսով, վերջին տասնամեակի ընթացքին, Արցախ զրկուած ըլլալով միջազգային դրամական օգնութենէ, բացառութեամբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի տարեկան մարդասիրական օգնութենէն, ապացուցեց, որ ի վիճակի է վերականգնելու իր քանդուած տնտեսութիւնն ու ենթակառոյցը: Ժողովրդավարական արժէքներու խորացումը կը մնայ հիմնական առաքելութիւնը հանրապետութեան իշխանութիւններուն, որոնք ընտրուած են քուէարկութեամբ, միջազգային դէտերու կողմէ հսկուած եւ գնահատուած իբրեւ ազատ, ժողովրդավարական եւ թափանցիկ:

ԱՐԱՄ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ եւ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ

«Ֆորէյն Փոլըսի Ճըռնըլ»

Share this Article
CATEGORIES