ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԴԷՄ ՌՈՒՍԻՈՅ ՔԱՅԼԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ

Տմիթրի Մետվետեւ

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Հոնոլուլուի մէջ Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի տնտեսական համագործակցութեան համախմբումի ժողովի ծիրին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խոստացաւ մօտ օրէն մանրամասն կերպով ներկայացնել Եւրոպայի մէջ ամերիկեան հակահրթիռային համակարգին դէմ Ռուսիոյ հակադարձ քայլերը:

Ան յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ տակաւին չեն յաջողած Եւրոպայի մէջ ամերիկեան հակահրթիռային համակարգի հարցով համաձայնութեան հասնիլ` նշելով, որ «հակահրթիռային համակարգին վերաբերող հարցը շատ աւելի բարդ է, եւ դժբախտաբար, ներկայիս որեւէ հանդիպում չկայ, եւ չենք գիտեր, թէ մեր գործընկերները ի՛նչ պիտի ներկայացնեն»:

Մետվետեւ յայտնեց, որ «կը կարծեմ, որ շուտով եւրոպական հակահրթիռային համակարգին հարցով Ռուսիոյ պատասխանին շուրջ մեր կեցուածքը պիտի ճշդենք», եւ խոստացաւ այդ կեցուածքը մանրամասն կերպով ներկայացնել «կա՛մ ներկայիս, կա՛մ 2015-էն ետք»:

 

Share this Article
CATEGORIES