ԻՐԱՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ԽՄԲԱԿԻՆ ՀԵՏ ՈՐԵՒԷ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ

Ֆահտ թագաւորի կամուրջը

Իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, հաղորդեց, որ Իրան կը հերքէ պահրէյնեան իշխանութեանց այն ամբաստանութիւնը, թէ Թեհրան կապ ունի պահրէյնցիներէ կազմուած խմբակի մը հետ, որ երկրին մէջ յարձակումներ կը ծրագրէր:

Արաբական եւ ափրիկեան հարցերով Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ամիր Ապտել Հիան յայտնեց, որ «այդպիսի վարկածներ անհիմն են ու պարզապէս Միացեալ Նահանգներու շինած անհեթեթ դիպաշարի պահրէյնեան կրկնութիւնը»:

Պահրէյն ձերբակալած էր խմբակ մը, որ պահրէյնեան կառավարական կառոյցներու, Մանամայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան եւ Պահրէյնը Սէուտական Արաբիոյ կապող Ֆահտ թագաւորի կամուրջին դէմ գործողութիւններ կը ծրագրէր: Խմբակին անդամներուն մօտ յայտնաբերուած են իրանեան եւ ամերիկեան դրամանիշերով գումարներ, ինչպէս նաեւ դէպի Սուրիա օդանաւային տոմս մը:

 

Share this Article
CATEGORIES