ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԳՕՏԻ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ «ՍՈՒՐԻԱ ԻՐ ՀՈՂԱՄԱՍԵՐՈՒՆ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԹԻԶԻՆ ՎՐԱՅ ԻՐ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ» ԸՍԱՒ ՄՈԱԼԼԵՄ

Ուալիտ Մոալլեմ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ Դամասկոսի մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը սառեցնելու լիկայի որոշումին` յայտնելով, որ «այդ որոշումն ու անոր բովանդակած կէտերը արաբական հայրենիքի ներկային եւ ապագային համար շատ վտանգաւոր քայլեր են»:

Մոալլեմ ըսաւ, որ Սուրիոյ դէմ որդեգրուած որոշումը նախօրօք տրուած էր եւ ապօրինի է, որովհետեւ այդպիսի որոշում մը միաձայնութեան կը կարօտէր, սակայն Լիբանան եւ Եմէն դէմ քուէարկած են, իսկ Իրաք` ձեռնպահ մնացած: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Սուրիոյ դէմ որոշումին ընդդիմացողներուն, որովհետեւ դո՛ւք էք, որ լիկայի ուխտին յանձնառու մնացիք», ըսաւ ան:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուց, որ իր երկիրը իր ժողովուրդին շնորհիւ այս տագնապէն աւելի հզօր դուրս պիտի գայ: Ան ըսաւ, որ «մենք վճռած ենք արաբական աշխատանքի ծրագիրը գործադրելու, որովհետեւ այդ ծրագիրը սուրիական պետութեան կեցուածքին համահունչ է, որովհետեւ մենք ենք, որ բռնարարքներու կասեցումը կ՛ուզենք», նշեց Մոալլեմ:

Ան յայտնեց, որ «եթէ արաբները որոշեն դաւադիրներ ըլլալ, Սուրիա այլ խաղաթուղթեր ունի»` աւելցնելով, որ «Սուրիա պիտի չտկարանայ, եւ Դամասկոսի դէմ դաւադրութեան ճակատագիրը ձախողութիւնն է»: Մոալլեմ ըսաւ, որ «Սուրիոյ վրայէն արաբական ծածկը վերցնելը պատճառ պիտի չդառնայ, որ «մսինք», մանաւանդ որ ի յայտ եկաւ, որ այդ ծածկը «փտած» է»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը` անդրադառնալով հարցի միջազգայնացման կարելիութեան, ընդգծեց, որ «միջազգայնացում կամ ոչ, սուրիացի ժողովուրդը պէտք չէ մտահոգուի, որովհետեւ Սուրիան Լիպիա չէ® Կը վստահեցնեմ ձեզի, որ լիպիական դիպաշարը Սուրիոյ մէջ պիտի չկրկնուի»` աւելցնելով, որ Դամասկոս վստահ է, որ Չինաստան եւ Ռուսիա իրենց կեցուածքները պիտի չփոխեն: Ան ըսաւ, որ Դամասկոս պատրաստ է զինուորականներէ եւ քաղաքայիններէ կազմուած դէտերու յանձնախումբ մը հիւրընկալելու, սակայն Արաբական լիկայի արտակարգ նիստ մը գումարելու Սուրիոյ կոչը վերջին առիթ մը նկատեց: «Մենք Սուրիոյ կացութիւնը լուծելու համար արաբական արտակարգ վեհաժողով մը գումարելու մեր հրաւէրին ընդառաջելու արաբ ղեկավարներու իմաստութեան վրայ վստահութիւն ունինք», ըսաւ ան:

Մոալլեմ Սուրիոյ մէջ օտար դեսպանատուներու դէմ յարձակումներուն համար ներում հայցեց եւ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդէն կը խնդրեմ, որ այդ մէկը չկրկնուի»: Ան շեշտեց, որ տագնապի լուծումը սուրիական է, իսկ Արաբական լիկայի դերը այդ լուծումին օժանդակելն է:

«Մենք հանդարտ դիւանագիտութիւն կը վարենք եւ կը դիմագրաւենք ամէն տեսակի ճնշումներ, որոնց հետ ամենայն հանդարտութեամբ ու իմաստութեամբ կը վարուինք, որովհետեւ վստահ ենք, որ ժամանակը ուրիշները ուշքի պիտի բերէ», ըսաւ Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ «ծրագիրին բոլոր ծալքերը բացայայտ են մեզի համար, եւ որեւէ ինքնախաբէութիւն չունինք, ոչ ալ մեղրածոր խօսքերէ կ՛ազդուինք, այլ` գործեր կ՛ուզենք»:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Ուաշինկթընի կողմէ Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութեան սառեցումին ողջունումը «հրահրումի համազօր է»: Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնապէս Արաբական լիկայի անդամ չեն, սակայն արաբական պատուիրակութիւններուն մեծ մասին վկայութեամբ` անոնք ոչ պաշտօնական անդամ են: «Միացեալ Նահանգներ արաբական երկիրներէն պահանջեցին Սուրիոյ դէմ տնտեսական ու քաղաքական պատժամիջոցներ որդեգրել, եւ այս վերջիններս այդ պահանջը լիկայի վերջին որոշումին ճամբով կատարեցին», նշեց ան: Մոալլեմ ըսաւ, որ մինչ իրենք արաբական նախաձեռնութեան կէտերը գործադրելու կը սկսէին, Ուաշինկթըն զէնք բարձրացուցածներուն կոչ ուղղեց իրենց զէնքերը չյանձնելու: Ան ցաւ յայտնեց, որ Արաբական լիկան Ամերիկայի այդ միջամտութիւնն ու բռնարարքներու քաջալերումը դատապարտող հաղորդագրութիւն մը չհրապարակեց:

ԹՈՒՐՔԻԱ

Խօսելով Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ յարաբերութեանց մասին` ան յայտնեց, որ «այդ մէկը կախեալ է Սուրիոյ նկատմամբ թրքական կեցուածքներէն»` աւելցնելով, որ «եթէ կ՛ուզեն ռազմավարական գործակցութիւնը շարունակել` մենք պատրաստ ենք, եթէ կ՛ուզեն զայն դադրեցնել` մենք պատրաստ ենք, եթէ կ՛ուզեն դաւադրութիւն կատարել` մենք պատրաստ ենք»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու թրքական ծրագիրներուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութեանց` Մոալլեմ ըսաւ. «Ես անհաւանական կը նկատեմ, որ Թուրքիոյ մեր եղբայրները սահմանին վրայ ապահովական գօտի ստեղծեն», սակայն ընդգծեց, որ «Սուրիա իր հողամասերուն իւրաքանչիւր թիզին վրայ իր գերիշխանութիւնը պիտի պաշտպանէ»:

Ինչ կը վերաբերի Իրանի հետ Սուրիոյ յարաբերութիւններուն, ան յայտնեց, որ անոնք ռազմավարական են, սակայն ի վնաս որեւէ այլ երկրի չեն:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Մինչ Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը այսօր երկօրեայ այցելութեամբ Մոսկուա կը ժամանէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումը սխալ էր եւ Մոսկուա անոր դէմ է: «Անոնք, որոնք այս որոշումը տուին, կացութիւնը դէպի աւելի թափանցիկ ընթացք ուղղելու կարեւոր առիթ մը փախցուցին», ըսաւ Լաւրով` ցաւ յայտնելով, որ «կան ոմանք, որոնք չեն ուզեր, որ սուրիացիները իրենց միջեւ համաձայնութիւն գոյացնեն»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ դեսպանատան եւ հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումներուն պատճառով իր երկիրը Սուրիոյ դէմ աւելի խիստ կեցուածքներ պիտի որդեգրէ` աւելցնելով, որ այլեւս Սուրիոյ կառավարութեան վստահիլը անկարելի է:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Արաբական լիկայի կեցուածքը հարցերը պիտի չլուծէ, այլ` աւելի պիտի բարդացնէ: Ան լիկայի անդամ երկիրներէն պահանջեց երկու չափ երկու կշիռ օգտագործելու քաղաքականութիւն չվարել եւ արգելք հանդիսանալ Սուրիոյ մէջ որեւէ օտար միջամտութեան:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի Արաբական լիկայի Սուրիոյ դէմ հաստատած պատժամիջոցները «խիստ եւ բոլոր նախատեսութիւնները գերազանցող» նկատեց: Ան հերքեց, որ որոշումին քուէարկութեան ընթացքին Իրաքի ձեռնպահ մնալը իրանեան ճնշումի պատճառով էր, «այլ` անկախ եւ յանդուգն կեցուածք էր, հակառակ անոր որ դիւրին չէր»` վստահեցնելով, որ իր երկիրը կը մերժէ Սուրիոյ մէջ սպանութեան ու ճնշումի գործողութիւնները եւ Սուրիոյ ժողովուրդի պահանջներուն ու իրաւունքներուն կողքին կը կանգնի: Ան նշեց, որ «ասիկա առաջին անգամն է, որ լիկան իր հիմնադիր երկիրներէն մէկուն դէմ այսպիսի միջոցառումներ կ՛որդեգրէ»:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը «Պի. Պի. Սի.»ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է իր երկրին շահերուն սիրոյն հրաժարի: «Եթէ իր տեղը ըլլայի, կը հրաժարէի եւ վստահ կ՛ըլլայի, որ ինձմէ վերջ եկողը պիտի կարենայ ներկայ կացութիւնը փոխել»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ տագնապը լուծելու Արաբական լիկայի ջանքերուն եւ առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց ամէնէն շուտ, իսկական եւ պատշաճ կերպով Արաբական լիկայի ծրագիրը գործադրելու: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծեց, որ «միջազգային ընտանիքը պէտք է այդ ծրագիրի գործադրման նպաստող պայմանները պատրաստէ»:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը Սուրիոյ դէմ իր պատժամիջոցները ընդլայնելով պատժամիջոցներու ենթարկուած անձերու ցանկին վրայ յաւելեալ 18 սուրիացի պաշտօնատարներ աւելցուց:

Share this Article
CATEGORIES