ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՈՐԵՒԷ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵԼ
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելը մերժեց Իրանի հիւլէական ծրագիրին պատճառով անոր դէմ զինուորական հարուածներ շղթայազերծելու կարելիութեան շուրջ որեւէ քննարկում կատարել:
Գերմանացի նախարարը Պրիւքսելի մէջ յայտարարեց, որ «աւելի խիստ պատժամիջոցները անխուսափելի են, եթէ Իրան շարունակէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ գործակցիլ, սակայն մենք չենք մասնակցիր զինուորական միջամտութեան քննարկումի եւ կը կարծենք, որ այդպիսի քննարկումները հակառակ արդիւնքը կու տան, եւ զանոնք կը մերժենք»:
CATEGORIES Միջազգային


