ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց դիմադրելու իսրայէլեան այն ծրագիրներուն, որոնք շրջանին մէջ սադրանքներ կը նախապատրաստեն:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ապպաս Ապպաս յայտնեց, որ Սուրիա իր դիմագրաւած ներկայ կացութենէն շատ աւելի առողջ եւ հզօր դուրս պիտի գայ` շնորհիւ նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ ցուցաբերուած սուրիական ժողովրդային զօրակցութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Ամմար Հուրի խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ` Արաբական լիկային անդամակցութիւնը սառեցնելու դէմ Լիբանանի արտայայտած կեցուածքը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Արաբական լիկան պէտք էր Իսրայէլի դէմ որոշումներ տար եւ ոչ թէ Սուրիոյ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Սուրիա եւ Իրաք Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նոր դաշտերն են:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ ընդգծեց, որ անկարելի է լուռ մնալ սուրիական իրադարձութիւններուն նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած ամօթալի կեցուածքին գծով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի Լիբանանի եւ շրջանին մէջ հաւանական պատերազմի վտանգները փարատեն, ինչպէս կատարած են անցեալին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սուրիական վարչակարգին ձեռքին մէջ դարձած է խաղալիք մը: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան հարցաքննութեան խորհրդարանական նիստին ընթացքին անշուշտ պիտի քննարկուի Արաբական լիկայի որոշումին դէմ Լիբանանի կեցուածքը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական լիկայի որոշումը Սուրիոյ դէմ գործուած յարձակում մըն է կամ անոր դէմ շղթայազերծուած պատերազմ մը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ոչ ոք կ՛ընդունի Սուրիան եւ արաբ ազգը յանձնել Համատ պըն Ժասեմի նման լրտեսի մը, որ կը գործէ Իսրայէլի հաշուոյն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ նշեց, որ իրենք նախանձախնդիր կը մնան Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

