«ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԻՋԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ԱԼԻ
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Դամասկոս յանձնառու կը մնայ միջարաբական երկխօսութեան` մաղթելով, որ արաբները իրենց աչքերով եւ ճշմարտութեան հիման վրայ դատեն կացութիւնը եւ ոչ թէ արտաքին ծրագիրներէ մեկնելով:
Ալի շեշտեց, որ Սուրիոյ ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ դրած են` ամրապնդելու համար օտար երկիրներու դեսպանատուներուն ապահովական կայունութիւնը, սակայն ժողովրդային ցասումը մեծ էր եւ ինքնաբուխ: Ան աւելցուց, որ Դամասկոս տակաւին անշեղ կը մնայ արաբական նախաձեռնութիւնը գործադրելու իր որոշումէն:
Այս շրջագիծին մէջ ան նաեւ նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ նամակ մը յղած է Արաբական լիկային` զայն տեղեակ պահելով, որ Սուրիա պիտի շարունակէ գործադրել արաբական նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ տեղեկատուական տարբեր միջոցներու գրգռութիւնները կը բարդացնեն կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը դժուարացնեն սուրիական ապահովական կառոյցներուն առաքելութիւնը:
Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ ապահովական կայունութեան սպառնացող դաւադրութիւնը կը սպառնայ նաեւ Լիբանանի ապահովութեան:

