ՊԸՐՐԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԸՆԴԱՌԱՋԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐՈՒՆ

Դեսպան Քալոկերոփուլոս եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` անդրադառնալով Սուրիոյ դէմ տրուած Արաբական լիկայի որոշումին, նշեց, որ այդ որոշումը կարելի է ընկալել` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ Սուրիան իր արաբականութենէն զերծ պահել, յատկապէս այն իմաստով, որ Սուրիա մնայուն կերպով եղած է արաբականութեան բաբախող սիրտը:

Խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն վերսկսելու կոչը լուրջ է եւ անհրաժեշտ: Ան դիտել տուաւ, որ «կատարուելիք ազգային երկխօսութեան ընթացքին պիտի քննարկուի եւ որոշուի Լիբանանի ապագան, որպէսզի ուրիշներ մեր ապագան չորոշեն»:

«Միջլիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին նպատակն է նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանել, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ շրջանային իրադարձութիւնները իրենց ուղղակի հետեւանքները կրնան ունենալ երկրին վրայ», ըսաւ Պըրրի:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ դիւանագիտական անձնակազմերուն ներկայացուցիչ տիկինները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալոկերոփուլոսը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Share this Article
CATEGORIES