ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՆԻՍՏԻ ՄԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերող նիստի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ փտածութեան դէմ սանձազերծուելիք արշաւին ընթացքին ոչ մէկ օրինազանց կարելի պիտի ըլլայ ծածկել: Ան կոչ ուղղեց պետական քննիչներուն` հսկելու իրենց պարտականութեան:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ մօտիկ ապագային պետական բոլոր նշանակումները կարելի պիտի ըլլայ ամբողջացնել:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան իրերայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ ստորագրուած փտածութեան վերաբերող համաձայնագիրները:
Նիստէն ետք արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ եւ պետական հաստատութիւններու մակարդակին վրայ տարածուած փտածութիւնը նոյն թափով անկարելի է, որ շարունակէ: «Մենք այսօր կը գտնուինք երկրին քաղաքական, վարչական եւ հանրային փտածութեան դէմ արշաւի երկար ճամբուն սկիզբը», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը պէտք է մղել իմաստութեամբ եւ կազմակերպուած կերպով:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ռոպըրթ Ուիթքինզը, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
Հանդիպումէն ետք Ուիթքինզ յայտնեց, որ լիբանանեան առումով իրենք տակաւին մտահոգ են հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ապահովութեամբ, որովհետեւ ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ սպառնալիքները մնայուն կերպով կը շարունակուին:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ պաղեստինեան Համաս շարժումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Ալի Պարաքայի:


