«ՄԵՆՔ ԿԸ ՅԱՐԳԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԵՒ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆՔ, ՈՐ ՄԻԱՅՆ ԱՆ ԶԷՆՔ ՈՒՆԵՆԱՅ» ԸՍԱՒ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱՀՀԱԼ
Հրաժարեալ կառավարութեան կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Ռահհալ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ ինք կը յարգէ լիբանանեան բանակը եւ կը մաղթէ, որ միայն ան ըլլայ Լիբանանի մէջ զէնք կրելու իրաւասութիւն ունեցող պետական միակ հաստատութիւնը:
Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին անդրադառնալով Ռահհալ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը ներքին լիբանանեան պատճառով չէ, այլ` արտաքին:
«Եթէ կառավարութեան կազմութեան առումով սուրիական-իրանեան համախոհութիւն ըլլար, ապա այդ կառավարութեան ծնունդը մինչեւ օրս կը յայտարարուէր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան կայուն երկիր մը չէ:
CATEGORIES Լիբանանեան