ՍԱՖԱՏԻ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ՊԷՏՔ Է ԿԱԶՄՈՒԻ, ԻՍԿ ԱՂՄՈՒԿԸ ՊԻՏԻ ՉԱՐԳԻԼԷ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՇԱՀԵՐԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ»

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Սաֆատի կոչ ուղղեց մօտիկ ապագային կազմելու Լիբանանի կառավարութիւնը` նկատել տալով, որ ատիկա առիթ մըն է, որուն կառչած պէտք է մնալ:

Սաֆատի նշեց, որ ոմանց բարձրացուցած աղմուկը ոչ մէկ ձեւով պիտի արգիլէ զիրենք ժողովուրդին շահերը իրականացնելէ:

«Եթէ Լիբանանի մէջ քաղաքական կարգ մը ուժեր կը զգան, թէ պէտք է վերադառնան իրենց արմատներուն, ապա անոնց համար պէտք է յստակ ըլլայ, թէ մենք օր մը օրանց մեր արմատներէն բաժնուած կամ խզուած չենք զգացած եւ ոչ ալ մեր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած ենք», ըսաւ ան:

Սաֆատի շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն լիբանանցիներուն դէմ զէնքի օգտագործումը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն յարանուանական խտրութիւն սերմանող եւ միջյարանուանական սադրանքներ պատճառող ճառերը, որոնք զէնքէն նուազ մահացու չեն:

«Մենք ցուցադրութիւններէ եւ բեմականացուած ելոյթներէ չենք վախնար, ընդհակառակն` մենք լաւ գիտենք, թէ Լիբանան շատ դժուար հանգրուան մը կը դիմագրաւէ եւ անհրաժեշտ է վերջ տալ Լիբանանի մէջ միջհամայնքային գրգռութիւններ պատճառող բառամթերքին: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` կոչ կ՛ուղղենք խնդրոյ առարկայ կողմերուն սերտելու կառավարութեան հրաժարումին իսկական պատճառները, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք անոնց մուտք չգործելու այնպիսի հարցերու մէջ, որոնք կրնան չնախատեսուած եւ անսպասելի հետեւանքներ ունենալ: Այո՛, մենք ալ կը փափաքինք գիտնալ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վերաբերող ճշմարտութիւնը, կը պահանջենք լիբանանեան բանակին զինումը, որպէսզի ան ի վիճակի ըլլայ պաշտպանելու Լիբանանը», շեշտեց Սաֆատի` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ բանակը մինչեւ օրս չէ զինուած, ո՞վ է պատասխանատուն:

«Այո՛, մենք ալ զէնքի օրինականութեան հետ ենք, սակայն կարելի չէ Լիբանանը բաց ձգել Իսրայէլի դիմաց եւ պէտք է կարելի եղած ուժերով պաշտպանել Լիբանանը», ըսաւ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES