ՊԸՐՐԻ. «ՊԻՏԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆԵՄ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ԲԱՐԵՓՈԽՄԱՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿԻ ՄԸ ՄՇԱԿՄԱՆ»

Մարուան Ֆարես եւ խորհրդարանի նախագահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Սաֆիր» եւ «Նահար» օրաթերթերուն հետ ունեցած իր հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ համայնքային վարչակարգը տապալել փափաքող երիտասարդներուն շարժումին ծիրին մէջ ինք ընդունած է երիտասարդական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկած է յարանուանական պատկանելիութեան օրէնքը բարեփոխումի ենթարկելու յատուկ օրինագիծի մը կարելիութիւնը:

Ան շեշտեց, որ ինք պիտի նախաձեռնէ եւ պիտի ստանձնէ օրէնքի բարեփոխման այդ տարբերակին մշակումը:

Պըրրի ընդգծեց, որ ինք առաւելագոյն չափով կը զօրակցի համայնքային խտրութեան դէմ յայտարարուած լիբանանցի երիտասարդներուն շարժումին. ան շեշտեց, որ ինք այս իմաստով հպարտ կը զգայ:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանցի կիներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ամանի Քապպարա – Շաարանիի, որ շեշտեց, թէ լիբանանցի կինը կը փափաքի տապալել համայնքային վարչակարգը եւ յարանուանական խտրականութիւնը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Մարուան Ֆարես. քննարկուեցան յարանուանական պատկանելիութեան օրէնքին բարեփոխման կարելիութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահին այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ, որ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES