ՌԱՊԻԷԻ ՄԷՋ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ԺՈՄՊԼԱԹ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Ռապիէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որ դարձաւ զօր. Աունի ընթրիքի հիւրը:
Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, պետական նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Ռապիէի աղբիւրները նշեցին, որ զօր. Աունի եւ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումը կը միտի ամրապնդել երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Միւս կողմէ, «Անպա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, երեսփոխան Ժոմպլաթ հերքեց իրեն վերագրուող այն յայտարարութիւնները, թէ ինք զգուշացուցած է Ուաշինկթընի կողմէ որոշ դրամատուներու դէմ յառաջացուելիք հարցերէն:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք մեծ վստահութիւն ունի Լիբանանի դրամատնային համակարգին նկատմամբ:
Ժոմպլաթ շեշտեց նաեւ, որ ինք կը զօրակցի համայնքային խտրութիւնը ջնջել փափաքող եւ համայնքային վարչակարգին տապալումին ի խնդիր ցոյցեր կազմակերպող երիտասարդներուն` շեշտելով, որ այդ շարժումները յոյս կը ներշնչեն համայնքային եւ յարանուանական խտրութենէ հեռու, նոր Լիբանան մը կերտելու իմաստով:
Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքին նախագահը ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան կողմէ իսրայէլեան լրտեսական սարքերուն բացայայտումը գետնի վրայ ապահովական նուաճում է եւ դրուատիքի արժանի գործունէութիւն: Այս ծիրին մէջ, Ժոմպլաթ շեշտեց, որ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը կրակոտ ճառերով կարելի չէ որդեգրել, այլ` վերադառնալով Ազգային երկխօսութեան խորհուրդին եւ անոր գումարած հանդարտ նիստերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջ Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը որդեգրել: