50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)
ՏՈՄՍԵՐ
ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐՆԵ՞Ր ԹԷ՞ ՄԻԼԻՈՆՆԵՐ
Խ. Միութեան վարչապետ Խրուշչեւ ահաւոր խոստովանութիւն մը ըրաւ Համայնավար կուսակցութեան 22-րդ համագումարին մէջ: Յայտարարութիւն մը, որ անգամ մը յիշուեցաւ մամուլին մէջ եւ արդէն քանի մը օրէն կը մոռցուի… Ո՞վ միտքը կը պահէ ամէնէն ապշեցուցիչ լուրերն իսկ:
Այդ անմոռանալի լուրը Խրուշչեւի այն յայտարարութիւնն էր, թէ Ստալինի բռնակալութեան շրջանին «ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԱՆՄԵՂՆԵՐ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՆ»:
Ազատ աշխարհը, նաեւ խորհրդայինը` անշուշտ, տեղեակ էին այդ կոտորածներէն, սակայն Խրուշչեւ կուսակցութեան գերագոյն ժողովին առջեւ պաշտօնապէս կը վաւերացնէր անոնց գոյութիւնը:
Չըրչիլ իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ Ստալին իսկ խոստովանած էր այդ մասին, նոյնիսկ ձեռքի մատներով հասկցուցած էր, թէ մօտ տասը միլիոն մարդիկ զոհ գացած են խորհրդային իշխանութեան պարտադրած զանազան օրէնքներուն, ինչպէս` հողերու բռնի համայնացումը, պարտադիր աշխատանքներու կատարում, «կասկածելին»երու տեղահանութիւն եւ այլն, եւ այլն:
Ստալին պատմած է, որ երբ խեղճ գիւղացիները ժողովի կը հրաւիրուէին, ու անոնց կը թելադրուէր իրենց հողերը միացնել հաւաքական ագարակներուն` կոլխոզներուն, անոնք կը պատասխանէին.
– Երթանք տուն, խորհրդակցինք մեր կիներուն հետ:
Այս խորհրդակցութիւնները քիչ մը երկար կը տեւէին անշուշտ, ո՞ր գիւղացին կ՛ուզէր իր ունեցած-չունեցածով ճորտը դառնալ պետութեան:
Սակայն «Բանուորա-գիւղացիական ազատ կառավարութիւնը» որոշած էր գիւղացին ճորտի վերածել: Եւ գործադրեց ատիկա` դիմելով ամէնէն անմարդկային միջոցներուն:
Այսօր Խրուշչեւ պաշտօնապէս կը խոստովանի «հարիւր հազարաւոր անմեղներու սպանութիւնը» ի՛ր իսկ մասնակցած այդ վարչաձեւին երկաթէ ձեռքով:
Իսկ Ստալին խոստովանած էր տասնեակ մը միլիոն զոհեր…
Ազատ աշխարհը պէտք չէ մոռնայ այս աներեւակայելի ոճիրները` թոյլ չտալով, որ օ՛ր մը միայն յիշուին անոնք թերթերու մէջ, եւ «մնացածը` լռութիւն» դառնայ:
… Ուր օր մըն ալ մարդիկ ըսեն.- Իրա՞ւ եղած են անանկ բաներ: Ճիշդը ըսելով` մենք թերթերուն ամէն բանը չենք կարդար: Պէյզ-պոլի բաժինը շատ կը սիրենք, մէյ մըն ալ` թի-վի փրոկրամը:
Յիշել եւ յիշեցնել` անգութ պոլշեւիզմի միլիոնաւոր զոհերը: Յարգա՛նք, անոնց յաւիտենական յիշատակին:
ԳԻՍԱՒՈՐ

