ՏԵՍԱԿԷՏ. ԱՆՀԻՄՆ ԱՀԱԶԱՆԳ ՄԸ` «ԱՀԱՒԱՍԻԿ ԿՈՒ ԳԱՆ ԻՍԼԱՄ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՆԵՐԸ»

Մուսթաֆա Ապտուլ Ժալիլ` Լիպիոյ ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահը եւ երկրի տէ ֆաքթօ ղեկավարը, 25 օգոստոսին խոստացաւ, որ շարիայի օրէնքը հիմը պիտի ըլլայ ամբողջ նոր օրէնսդրութեան, եւ թէ` ատիկա պիտի ներառէ ձերբազատումը գործող որոշ օրէնքներէ, ինչպէս` բազմակնութեան արգելքը: Նոյն օրը Թունուզ յայտարարեց, որ «Նահտա» (իսլամական կուսակցութիւն մը) ամէնէն շատ քուէները շահած է երկրի առաջին ազատ ընտրութեան մէջ:

Ահաւասիկ կու գան իսլամ ծայրայեղականները:

Կամ` արեւմտեան լրատու միջոցները այդպէս կը կարծեն, առնուազն:

Նոյնիսկ երբ Արաբական գարունը սկսաւ, անոնք բարձրաձայն մտահոգութիւն յայտնեցին, որ մեծամասնութեամբ աշխարհիկ բռնատէրերու տապալումով յեղափոխականները պարզապէս դուռը կը բանան կրօնական ծայրայեղներու իշխանութեան առջեւ: Եւ ծայրայեղականները անշուշտ պիտի ատեն Արեւմուտքը եւ ահաբեկչական յարձակումներ պիտի շղթայազերծեն անոր դէմ:

Ասիկա մաս մըն է նկարագրական պատումէն, որ գլխաւորաբար ամերիկեան ծագում ունի, բայց նաեւ լայնօրէն տարածուած է եւրոպական աջին մօտ: Պատումին մէջ իսլամական ծայրայեղական ահաբեկիչները Արեւմուտքի վրայ յարձակած են ոչ թէ Միջին Արեւելքի մէջ 50 տարուան արեւմտեան միջամտութեան պատճառով, մասնաւորաբար` բռնատէրերու աջակցելու, այլ միայն այն պատճառով, որ անոնք «մեր արժէքները կ՛ատեն» կամ «մեր ազատութիւնները կ՛ատեն». դո՛ւք ընտրեցէք: Ասիկա Արեւմուտքը զերծ կը կացուցէ պատասխանատուութենէ. ան պարզապէս անմեղ անցորդ մըն էր, որ կողոպտուեցաւ փախուկներո՜ւ, խելագարներո՜ւ կողմէ…

Ասիկա հոլովոյթին թիւ մէկ քայլն է: Այնուհետեւ ծայրայեղականներու ճիշդ նկարագրութիւնը, բնութագրումը հետեւեալն է. «Իսլամամէտ (աննշմարելիօրէն փոփոխուող «իսլամական»ի), որ կը նշանակէ` անձ մը, կազմակերպութիւն մը կամ վարդապետութիւն մը, որ առաջնահերթ կը դարձնէ, կը նկատէ իսլամ կրօնին արժէքները: Բայց եթէ դուք չհասկնաք տարբերութիւնը (եւ Արեւմուտքի մէջ շատեր չեն հասկնար), ապա դուք վստահաբար կը կարծէք, թէ իսլամական կուսակցութեան մը կողմէ որեւէ քաղաքական յաջողութիւն կը նշանակէ, թէ ահաբեկիչները պիտի յաղթեն:

Այսպիսով, Թունուզի մէջ անվնաս իսլամական կուսակցութեան ընտրական յաջողութիւնը եւ որոշ նկատողութիւններ Լիպիոյ մէջ իսլամական խանդավառեալներէ (որոնք արդէն իսկ խոստացուած են չփնտռելու, չձգտելու երկրին մէջ մնայուն քաղաքական պաշտօններու, ինչպէս Ազգային փոխանցման խորհուրդի բոլոր անդամները), ահաբեկիչներու համար յաղթանակը կ՛աւելցնեն, առնուազն արեւմուտքցի շատ մեկնաբաններու եւ վերլուծաբաններու տեսակէտին մէջ:

Ուրեմն, եկէք, մօտէն զննենք այս կարծիքը, դատողութիւնը եւ քննարկենք անոր հիմնաւորումները:

«Նահտա»-ն, առնուազն իր հռետորութեան մէջ, չափաւորական իսլամական կուսակցութիւն մըն է: «Թունուզցիները իրականութեան մէջ քուէարկած են այն կուսակցութիւններուն, որոնք մնայուն կերպով մաս կազմած են ժողովրդավարութեան համար մղուող պայքարին եւ ընդդիմացած են Պըն Ալիի բռնապետութեան», ըսաւ կուսակցութեան բանբեր Եուսրա Ղաննուշի: Ասիկա պարզ ճշմարտութիւն է: Աւելի՛ն. «Նահտա»-ի ղեկավարները բացայայտօրէն խոստացած են ստեղծել բազմակուսակցական դրութիւն, աշխարհիկ ժողովրդավարութիւն, այլ ոչ թէ` իսլամական պետութիւն:

Ու թէեւ «Նահտա» կուսակցութիւնը առաջին հանդիսացաւ ընտրութեան, ան միայն 35 առ հարիւրը ստացաւ քուէներուն: Միւս 5 մեծ կուսակցութիւնները, բոլորն ալ` կեդրոնամէտ կամ կեդրոն-ձախ, պաշտօնապէս համաձայնեցան «Նահտա»-ի հետ քոալիսիոն չկազմելու, այլ իրենք իրենց միջեւ համաձայնական դաշինք մը կազմելու, քանի որ անոնք միասնաբար սահմանադրական նոր ժողովին (խորհրդարանին, Ա.) մէջ միասնաբար կը ստանան աթոռներուն 65 առ հարիւրը, որ իշխանութենէն հեռու պիտի պահէ իսլամական կուսակցութիւնը:

Պայքարը ապա տեղի պիտի ունենայ նոր սահմանադրութեան համար, որ յառաջիկայ 12 ամիսներուն պէտք է մշակուի ժողովին կողմէ: Իսլամական կուսակցութիւնը կ՛ուզէ զուտ խորհրդարանական համակարգ մը, որուն մէջ վարչապետը, առնուած` ամէնէն մեծ կուսակցութենէն, պիտի ղեկավարէ կառավարութիւնը, պայմանով որ իր քոալիսիոնը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ըլլայ:

Միւս` աշխարհիկ կուսակցութիւնները կը նախընտրեն նախագահական համակարգ մը, ուղղակի ընտրուած նախագահով, որ ունի գործադիր իշխանութիւն, ներառեալ` վարչապետ նշանակելու իրաւունքը (թէեւ վերջինս տակաւին պէտք ունի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան): Նախագահական համակարգի ներգրաւումը, քաշողականութիւնը այն է, որ ատիկա սովորաբար կ՛ընդգրկէ երկու առաջատար թեկնածուներու միջեւ ընտրութիւն, որուն մէջ 65-35 համեմատութեամբ առաւելութիւնը աշխարհիկ թեկնածուին կ՛ըլլայ ամէն անգամ: Եւ աշխարհիկ կուսակցութիւնները իրենց ուզածը կը ստանան:

Այնպէս որ, իսլամամէտ յաղթանակ չկայ հոն, ոչ ալ` իսլամական կուսակցութեան մասնաւոր յաղթանակ մը:

Իսկ Լիպիոյ պարագան ի՞նչ է:

Լիպիոյ մէջ յաղթանակը եկաւ ոչ թէ խաղաղ, ոչ վայրագ գործողութեամբ, այլ` Մուամմար Քազզաֆիի ուժերուն դէմ վեց ամսուան դաժան, բիրտ պատերազմով: Մարդիկ, որոնք ազդեցիկ դիրքերու բարձրացան զինեալ ապստամբութեան մէջ, որ կամաւորներով շղթայազերծուեցաւ, շատ տարբեր են անոնցմէ, որոնք իշխանութեան կու գան բնականոն, խաղաղ քաղաքականութիւններով: Անոնք հակուած են ըլլալու գունագեղ անհատներ, վայրագութեան մէջ լաւ եւ ծայրայեղ տեսակէտներով: Ապտուլ Ժալիլ այս բոլորն է, բայց ան Լիպիոյ յաջորդ բռնապետը չէ:

Ան կրնայ խոստանալ, ինչ որ ուզէ, բայց ան իշխանութեան վրայ պիտի չըլլայ ատիկա գործադրելու համար: Ընտրութիւն պիտի ըլլայ (օտար օդուժին աջակցութիւնը, որ ըմբոստներուն յաղթանակ պարգեւեց, նաեւ օտարներուն տուաւ լծակներ` երաշխաւորելու համար ատիկա: Եւ ընտրուածներէն շատ քիչ անձեր միայն կրնան համաձայնիլ Ժալիլիի տեսակէտներուն` բազմակնութեան, կամ նոյնիսկ ընդհանրապէս իսլամութեան քաղաքական դերակատարութեան շուրջը:

Հակառակ իբրեւ անապատի զաւակ ներկայանալու, դիրքաւորուելու Քազզաֆիի ձգտումին, լիպիացիք փաստօրէն իր իշխանութեան տակ դադրած են ցեղախմբային, կէս կոչուոր ընկերային իմաստով պահպանողական խաշնարածներու ազգ մը ըլլալէ: Ոչ ալ անոնք յուսալքուած բազմութիւնն մըն են, որ պատրաստ է հետեւելու բերանը բացող առաջին ծայրայեղականին:

Լիպիացիներուն 4/5-ը քաղաքներու մէջ կը բնակի: Անոնք համակողմանիօրէն ապացեղախմբայնացած են, եւ անոնք ունին համեստ, բայց կանոնաւոր եկամուտներ եւ փոքր ընտանիքներ: Կիները արաբական շատ երկիրներու կիներէն աւելի ազատութիւն եւ հաւասարութիւն ունին, եւ լիպիացիներուն մեծ մասը սեփական տուն ունի: Ասոնք այն մարդիկը չեն, որոնք պատրաստ են քուէարկելու երեւակայական անցեալի պարզ բարեպաշտութեան վերադարձին համար:

Ինծի հետ երեք անգամ կրկնեցէք. «Իսլամականութիւնը իսլամամէտութիւն չէ: Եւ արաբները յիմար չեն, անոնք հասունցած են»:

ԿՈՒԻՆ ՏԱՅԸՐ

«Սոլթ Լէյք Թրիպիուն»

Share this Article
CATEGORIES