«ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԷՆ ՉԵՆՔ ՎԱԽՆԱՐ ԵՒ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ԱՆՈՆՑ ԴԷՄ ԴՆԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ

Նախագահ Ահմատինեժատ

Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ «Եոմ Սապեհ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ ներքին հարցերուն չի խառնուիր, «սակայն յառաջացած ճեղքը դարմանելու փորձով մը բոլոր կողմերուն հետ կապի մէջ ենք»` նշելով, որ կարեւորագոյնը այն է, որ «աշխատանք կը տանինք արգելք հանդիսանալու անոնց, որոնք աշխատանք կը տանին ճակատող կողմերը զինելու, որպէսզի հարցը չբարդանայ»:

Իրանի նախագահը յայտնեց, որ «մենք ուրիշներուն միջամտութեան արգելք կը հանդիսանանք, սակայն կը միջամտենք միայն սահմաններուն մէջ մեր այն համոզումին, թէ ժողովուրդները ինքնորոշման իրաւունք ունին»: Ան աւելցուց, որ Թեհրան Սուրիոյ մէջ կողմերէն խնդրած է փոխադարձ հասկացողութեան գալ, «եւ կը փորձէ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան տեսակէտները մօտեցնել, որովհետեւ բռնարարքները ՕԹԱՆ-ի ուժերով միջամտելու առիթ կ՛ընծայեն, ինչ որ պիտի վնասէ բոլորին` կառավարութեան եւ ընդդիմութեան»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի Քաթար կատարած վերջին այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ միջնորդի մը դրական ընկալում կը նշանակէ՞, Ահմատինեժատ բաւարարուեցաւ յայտնելով, որ «այս այցելութիւնը Ամերիկայի հետ մեր տարակարծութեանց հարցով միջնորդի մը փնտռտուքի փորձին հետ կապ չունի: Ամերիկայի հետ մեր հարցերը արմատական են եւ միջնորդի ճամբով կամ այսպիսի ճամբաներով չեն կրնար լուծուիլ»:

Իրանի նախագահը շեշտեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներուն դէմ դնելու եւ չի վախնար անոնց սպառնալիքներէն: «Մենք ամէն օր պատերազմներ դիմագրաւող երիտասարդ ժողովուրդ մըն ենք, սակայն կը յարատեւենք եւ ոչինչ կը կասեցնէ մեր յառաջդիմութեան կամ նպատակներուն երթը»:

Ահմատինեժատ յայտնեց, որ Իրանի ու Եգիպտոսի միասնականութիւնը բաւարար է Իսրայէլի գոյութիւնը ջնջելու եւ Միացեալ Նահանգներու ու այլ «գաղութատիրական» պետութիւններուն տիրակալութիւնը փոքրացնելու: Ան ըսաւ, որ «գաղութատէրն է, որ միշտ կը փորձէ մեր միջեւ հարցեր ստեղծել եւ մեր միջեւ կասկած ու վախ սերմանել»:

Վերջապէս, ան նշեց, որ Իրան «բազմաթիւ արաբական երկիրներու եւ Թուրքիոյ հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ ունի»:

 

Share this Article
CATEGORIES