ԸՍՏ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՒԱՍՏԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ԱՅՍՕՐ ՌԱՊԱԹԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԳՕՏԻԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ
Ռուսիոյ Պետական տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Մարկիլով ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սկսած է Արաբական լիկայի յանձնարարութիւնները գործադրել, սակայն վերջինս Սուրիայէն կը պահանջէ արիւնահեղութիւնը դադրեցնել եւ զինեալ ուժերը դուրս բերել քաղաքներէն ու ձերբակալեալները ազատ արձակել:
Ան ըսաւ, որ սուրիական ղեկավարութիւնը ինքզինք նեղ կացութեան կը մատնէ, որովհետեւ արիւնահեղութիւնը շուքի տակ կը ձգէ տագնապի լուծման համար իր ըրածները:
Մարկիլով յայտնեց, որ Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումը փաստ մըն է, որ այդ կազմակերպութիւնը կը մերժէ Սուրիոյ տագնապի լուծումին մասնակցիլ: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ լիպիական դիպաշարի սպասելու պատճառ գոյութիւն չունի` նկատել տալով, որ Լիպիոյ նկատմամբ Արաբական լիկայի կեցուածքը այդ դիպաշարի իրագործման օժանդակեց:
Արաբական հաւաստի աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «Ռապաթի մէջ իրենց ժողովին ընթացքին, արաբ արտաքին գործոց նախարարները Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ Սուրիոյ մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու համար Թուրքիոյ կողմէ ապահովական գօտիի հաստատման հարցը պիտի քննարկեն»` նշելով, որ լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը կ՛ուզէ, որ ապահովական այդ գօտիին հաստատման շուրջ արաբական միաձայնութիւն գոյանայ, որովհետեւ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ այդ գօտին շատ նեղ ըլլայ, իսկ արաբական կարգ մը երկիրներ կ՛ուզեն, որ անիկա 50 քիլոմեթր տարածք ունենայ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ տարածքը օգտագործել վարչակարգին դէմ զինուորական ուժի կիրարկման պարագային Սուրիոյ խորքը հարուածել:
Միւս կողմէ, արաբական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «արաբական գերաստիճան մը գումարելու Ասատի պահանջը դժուար իրականանալի է, ինչպէս նաեւ` անոր նպատակը Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան դադրեցումը չէ, այլ` արաբ ղեկավարներուն հետ երկխօսութեան առիթներ ստեղծելը»:
Աղբիւրները շեշտեցին Ռապաթի մէջ այսօր գումարուելիք ժողովին կարեւորութիւնը` նշելով, որ «ոչ ոք Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կ՛ուզէ, սակայն միւս կողմէ, սպանութեանց շարունակումը այլեւս վերածուած է հարցի մը, որուն շուրջ լուռ կարելի չէ մնալ»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտարարեց, որ Արաբական լիկայի արտակարգ նիստ մը անդամ 15 երկիրներու համամտութեան կը կարօտի:
Մինչ Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը երկօրեայ այցելութեամբ Մոսկուա կը գտնուի, «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ Ռուսիա սուրիական ընդդիմութիւնը քաջալերած է Սուրիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութեան սկսելու: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի իր կարգին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը բարեփոխելի է, իսկ Իրան պատրաստ է հարկ եղած օժանդակութիւնը տրամադրելու»: