ԿԻՒԼ ՍՈՒՐԻԱՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԿՐԿՆԵԼԷ

Ապտիւլլա Կիւլ

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Սուրիայէն պահանջեց իր երկրին դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումի միջադէպին կրկնութիւնը կանխարգիլող միջոցառումներ որդեգրել` զգուշացնելով այդպիսի դէպքի մը կրկնութեան հետեւանքներէն:

Կիւլ յայտնեց, որ անկարելի է, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ իր դեսպանատան ու հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումները ընդունի` պահանջելով, որ սուրիական կառավարութիւնը անոնց կրկնութիւնը կանխարգիլող միջոցառումներ որդեգրէ` նշելով, որ «թրքական հակազդեցութիւնը տարբեր պիտի ըլլայ, եթէ անգամ մը եւս յարձակումներ կատարուին կամ սուրիական իշխանութիւնները յանցագործները պատժելու համար անհրաժեշտ միջոցառումները չորդեգրեն»:

Կիւլ նշեց, որ «Թուրքիա վերջին տարիներուն սուրիացի ժողովուրդին սիրոյն Սուրիոյ հետ շինիչ քաղաքականութիւն վարեց, ուստի իր հարաւային դրացիին հետ սերտ կապեր հաստատեց դէպի ժողովրդավարութիւն շրջադարձին մէջ անոր օժանդակելու համար, սակայն այդ մէկը չպատահեցաւ»:

Ան ցաւ յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը կը շարունակէ ապահովական իր ճնշումները եւ սուրիացի ժողովուրդին բարեփոխումներու ու ազատութեանց պահանջները կը մերժէ: Կիւլ ըսաւ, որ «այն, ինչ որ այսօր Սուրիոյ մէջ կը պատահի, անակնկալ չէ: Մենք իրենց ըսինք, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ անդամակցութիւնը սառեցնելու Արաբական լիկայի որոշումին` Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ իր երկիրը այդ որոշումին կը զօրակցի:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պիտի չկարենայ ապագայ կերտել անարդարութեան ենթարկուածներուն արիւնին վրայ, որովհետեւ պատմութիւնը պիտի յիշէ, որ ան արիւնով կ՛ապրի»` նշելով, որ Թուրքիա ստիպուած է սուրիացի ժողովուրդին կողքին կանգնելու:

Էրտողան նախատեսեց, որ «Արաբական լիկայի վաղուան նիստէն բխին կարեւոր որոշումներ, որոնց շարքին` Սուրիոյ դէմ տնտեսական եւ քաղաքական պատժամիջոցներ, ինչպէս նաեւ` Դամասկոսէն դեսպաններու հեռացում»: Ան պահանջեց, որ նախագահ Ասատ պատժէ Թուրքիոյ եւ այլ պետութեանց դեսպանատուներուն դէմ յարձակում կատարածները:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտնեց, որ սուրիական ղեկավարութիւնը «խաղաղ ցուցարարներու դէմ ահաբեկչութիւն կը կիրարկէ»` նշելով, որ Թուրքիա իր դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումին համար Սուրիայէն ներումի պաշտօնական հայցի մը կը սպասէ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ «Թուրքիա սուրիական վարչակազմին վերջին առիթ մը ընծայեց, սակայն անիկա զայն չօգտագործեց»` նշելով, որ «կ՛ուզենք, որ Սուրիոյ դէմ կիրարկուին պատժամիջոցներ, որոնք սուրիացի ժողովուրդին վրայ չեն ազդեր»: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Անգարա Սուրիոյ մէջ քարիւղի պեղման ծրագիրները ջնջած է:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը բուռն կերպով դատապարտեց Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական առաքելութեանց դէմ կատարուած յարձակումները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES